Արցախն Այս Շաբաթ


Ջահերով երթին 100 մեթրանոց դրօշը երիտասարդներու կողմէ կը տարուի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, Ապրիլ 23

Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներ

—«Արցախի համար կայ յստակ սահմանուած գիծ` Արցախը որեւէ կարգավիճակով չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ․․․: Ամենացած նշաձողը, որ կրնանք դնել այն է, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները չեն կրնար ըլլալ առանց ինքնորոշման իրաւունքի: Ասկէ այն կողմ այլ իրաւունք չկայ», յայտարարեց Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

Ան նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմի ռազմական յանցագործութիւնները եւ ցեղասպանական գործողութիւնները յստակ ցոյց կու տան Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը։ Ըստ անոր՝ Շուշի քաղաքին մէջ սփռուող նոր ռատիոկայանով օրուան ընթացքին քանի մը անգամ հայերէնով հայատեացութիւն կը քարոզուի»:

—Մինսկի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆըր Հայաստան անցելութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս իր ստանձնած պարտականութեան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք Ապրիլ 19-ին վերահաստատեցին, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը կը տեսնեն Մինսկի խումբի գործունէութեան ծիրէն ներս։

Միւս կողմէն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեգնանքով կը խօսի Մինսկի խումբի գործունէութեան մասին եւ կը նշէ, որ այդ խումբը ոչ թէ հարցը լուծելու համար ստեղծուած էր, այլ «Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքներու գրաւումը յաւերժացնելու համար»։ Ապրիլ 22-ին Շուշիի մէջ գումարուած Աշխարհի ազրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարի ընթացքին Ալիեւ սպառնալիքով յայտարարեց, որ «Եթե Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրէ և չճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք ալ պաշտօնապէս կը հրաժարինք ճանչնալէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»։

— Արցախի Ազգային ժողովին մէջ արտախորհրդարանական ուժերը հանդիպում ունեցան պատգամաւորներուն հետ եւ իրենց կարծիքը յայտնեցին Արցախի հարցի շուրջ եւ շեշտեցին Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն հետ միահամուռ ու միասնական գործելու կարեւորութիւնը:

Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ եւ միաւորումներ եւս միացան եւ սատարեցին Արցախի Ազգային ժողովի ընդունած յայտարարութիւնը։

Կեանքը Արցախի մէջ

—Ապրիլ 17-ին, Ս․ Յարութեան տօնին առիթով, Արցախի գործող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Յարութեան տօնը։

Ամարասի վանական համալիրին մէջ մատուցուեցաւ Ս․ Պատարագ, ներկայացուեցաւ տօնին խորհուրդը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ: Պատարագին ներկայ եղան Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական պաշտօնեաներ եւ հաւատացեալներ։

Նոյն առիթով Արցախի թեմը ուխտագնացութիւն կազմակերպեց դէպի Դադիվանք: Երկար դադարէ ետք Դադիվանքը կրկին ընդունեց իր ուխտաւորները:

— Ապրիլ 20-ին, Մարտունիի Սօս գիւղին մէջ Կրութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ կազմակեպրուեցաւ «Տեղեկատուական անվտանգութիւն» անունով դասախօսութիւն եւ ազգային պարի ու խաղի ուսուցում։ Գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներուն մասնակցեցան նաեւ մօտակայ գիւղերու երիտասարդները։

—Ապրիլ 20-ին Արցախի Պետական Համլսարանին մէջ Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակին նուիրուած միջոցառում կազմակերպուեցաւ։ Բանասիրական բաժանմունքի, Հայ գրականութեան եւ լրագրութեան ամպիոնի դասախօսներու եւ ուսանողներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնակին դասախօսութիւններու կողքին ներկայացուեցան նաեւ բանաստեղծին ստեղծագորութիւններէն, հնչեցին անոր` երգերու վերածուած բանաստեղծութիւնները:

—Շուշիի շրջանի Եղցահող գիւղին մէջ նոր ջրագիծ կը կառուցուի: Գիւղապետ Արտակ Յակոբեան նշեց, որ գիւղը ունի  46 ընտանիք՝ 145 բնակչով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը` մեծէն փոքր, սիրով ու նուիրումով կ’ապրին ու կ’արարեն իրենց հողին վրայ:

Եղցահող գիւղը

 «Գիւղացիկ գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին, մեծ թիւով բնակիչներ կը զբաղին նաեւ մեղուաբուծութեամբ։ Պատերազմէն ետք տեղահանուած եօթը ընտանիք հաստատուած է գիւղ: Կան մօտ տասնհինգ տուներ, որոնք հիմնովին աւերուած են եւ վերանորոգումէն ետք պիտի տրամադրուին տեղահանուած այլ ընտանիքներու։ Գիւղը ունի կազ, ելեկտրականութիւն եւ ջուր: Շուտով կ’ասֆալթապատուին նաեւ ճանապարհները», յայտնած է ան: 

— Ապրիլ 23-ին,  ինչպէս Հայաստանի քաղաքներուն, այնպէս ալ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով երթ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հսկումի արարողութենէն եւ միասնական աղօթքէն ետք, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ «Զարթնի՛ր, լաօ» խորագրով ջահերթը: Մասնակիցները ջահերով շարժեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր` տանելով Արցախի 100 մեթրանոց դրօշը:

Աւանդական դարձած ջահերթին մասնակցեցան նաեւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, բարերար Ռուբէն Վարդանեան, պետական այրեր եւ մեծ թիւով արցախցիներ։ Յուշահամալիրին մէջ, մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցին հերոսներու շիրիմներուն, որմէ ետք կատարուեցաւ մոմավառութիւն:

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դարձեալ այցելելով յուշահամալիր յարգեցին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ ծաղիկներ դրին Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին։