Արցախցիին Ցաւը Կարեւո՞ր է․․․


Լոռի Պէրպէրեան

Վերջերս, համաշխարհային լուրերու կայանները իրենց օրական ծրագիրները տրամադրած են Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբալի դէպքերուն։ Այդպիսով կը տարածեն այն կոչը, որ ուքրանացիներուն տանջանքը դադրեցնելը պէտք է բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններու ու կառավարութիւններու առաջնահերթութիւնը ըլլայ։ Այս լուրերը այնքան մեծ թափով կը քարոզուին, որ նոյնիսկ մենք սկսած ենք հաւատալ, որ ասիկա ամենատխուր ու անկիւնադարձային անարդարութիւնն է, որ աշխարհի վրայ տեղի կ’ունենայ։ Ինչո՞ւ միջազգային հանրութիւնը երբեք այսքան չէին ազդուած Արցախի ժողովուրդին ցաւերուն նկատմամբ։ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը անկասկած վշտալի է ու հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներուն կեանքը խիստ վտանգի տակ դրած է։ Սակայն, շատ են տասնամեակներէ ի վեր չարչարուող ազգերը աշխարհի վրայ, իսկ լրատուամիջոցները առաւելագոյնը տարին անգամ մը կ՚անդրադառնան անոնց մասին, իսկ այս օրերուն՝ երբեք։ Երբ լրատուամիջոները միայն մէկ ազգի տառապանքի լուրերը կը ներկայացնեն աշխարհին, ուղղակի խեղդած կ՚ըլլան այլ ազգերու օրհասական օգնութեան կանչերը։ 

Ոճիրներ կը գործուին ամէն տեղ։ Սակայն, երթալով կը յստականայ, որ տրուած լուրերը կը խօսին միայն իրենց երկիրներու շահերուն համապատասխանող զոհերուն մասին։ Յանցանքներու մեծամասնութիւնը կը մնան ծածուկ ու անոնց զոհերը՝ անձայն։ Ե՞րբ էր վերջին անգամ, որ միջազգային լուրերէն լսեցինք արցախցիներուն մասին, պաղեստինցիներո՞ւն, սուրիացիներո՞ւն, եմենցիներո՞ւն․ ցանկը անվերջ է։ Համաշխարհային լուրերու կայաններու այս ընթացքը կը ջրէ ազգային խտրականութիւնը, բացագանչելով մէկ ազգի «գերազանց արժէքը» այլ ազգերու հետ   բաղդատած։ Ասիկա երկակի չափանիշ է, որ կը գործէ ներկայ աշխարհի քաղաքական աշխարհին մէջ։ Ասիկա կը հաստատէ այն գաղափարը, որ մէկուն տառապանքը աւելի ցաւալի է քան միւսինը եւ ուստի՝ արժանի է աւելի ուշադրութեան, քան մնացեալինը։

Սակայն, լուրերը կը սխալին։ Անարդար է մարդկային վիշտը դասել կամ բաղդատել։ Իրականութիւնը այն է, որ բոլոր տանջուող մարդկոց արժէքն ու անոնց ցաւին կարեւորութիւնը հաւասար է, անկախ անոնց ազգի պատկանելիութէնէն, թիւէն ու քաղաքական միջավայրէն։

Երեւակայեցէք մէկը մեզի ըսէ, թէ արցախցիներուն չարչարանքը նուազ ծանր է, քան ուքրանացիներունը։ Չէի՞նք զայռանար։ Եթէ այո, ինչու՞ կ՚արտօնենք, որ լրատումիջոցները այսպիսի սխալ գաղափարներ ամէն օր տարածեն եւ մենք լռութեամբ ընդունինք։ Այսպիսով կ՚արդարացնենք համաշխարհային կայաններուն մշտական որոշումը՝ չհրապարակելու արցախցիներուն անտանելի պայմաններուն մասին լուրերը։ Այս վնասակար մտածելակերպին տեղեակ՝ ջանանք շեշտել գոյութիւնը ու դժուար պայմանները այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնց արցունքները հեռատեսիլներէ չենք տեսներ, ու որոնց դէմ գործուած աղետալի արարքները մետիա դաշտին մէջ չեն քննադատուիր։

Հասկնալի է, չենք կրնար միաժամանակ բոլոր ազգերու վիշտերը մեր ուսերուն վրայ առնել։ Սակայն, չարտօնենք, որպէսզի լուրերու կայանները որոշեն մեր արժէքներն ու մեր առաջնահերթութիւնները։ Այդ պարագային, օր մը կը համոզուինք, որ այլ ազգերու խնդիրները աւելի արժանի են մարդկութեան կարեկցանքին։ Այս մեր բնութեան դէմ է։ Մենք մարդ ենք, բայց նաեւ՝ հայ։ Ուստի, մեզի տրուած է յատուկ սիրտ ու կարողութիւն մեր ազգին վէրքերը բուժելու։ Ազգային սիրոյն շնորհիւ, իւրաքանչիւր տառապող անձ ունի իրմով մտահոգուող սրտեր ու օգնող ձեռքեր։ Հետեւաբար, եթէ ոչ մենք՝ ո՞վ կրնայ մեր ազգը լաւապէս հասկնալ ու անոր պէտքերուն հասնիլ։ 

Ուկրանիոյ դէմ ուղղուած Ռուսիոյ ռումբերէն չխուլնանք, երբ Ազրպէյճանի կրակոցները այս իսկ վայրկեանին կ՛ուղղուին դէպի մեր հայրենիքին պահապան կանգնող մեր անմեղ գիւղացիներուն։ Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդը ներկայիս առանց կազի կ՚ապրի, Արցախի լեռնային պաղ շրջաններուն մէջ։ Այս նոյնքան սարսափելի չէ,՞ քան իր երկիրէն փախող ուքրանացիին լուրը։ Ամօ՛թ մեզի, եթէ արցախցիին աղէտներուն լուրերը անտեսենք ու օգնելու չմղուինք։ Ամօթ մեզի, եթէ միշտ միջոցներ չփնտռենք արցախ