Արցախ Այցելած CNNի Հաղորդավարը Կը Ներառուի Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակ»ին Մէջ


Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ ամերիկեան CNN հեռուստաընկերութեան հաղորդավար, ամերիկացի  խոհարար Էնթընի Պորտէյն Արցախ այցելելու պատճառով կը ներառուի Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Էնթընի Պորտէյն (Anthony Bourdain) իր նշանաւոր Parts Unknown հաղորդաշարին համար Հայաստանի եւ Արցախի մասին 45 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմ կը պատրաստէ:

Հոկտեմբեր 18ին նկարահանումներ կատարուած են Արցախի մէջ, իսկ Ջտրտուզի բարձունքին տեղի ունեցած է ճաշ` ժինգեալով հաց, շիլայ, խորոված, մածուն, թութի եւ հոնի օղի:

Ֆիլմը CNNով պիտի հեռարձակուի գարնան: