Արցախ Մուտքի Արտօնագիրին Համար Զբօսաշրջիկներէն Պետական Տուրք Պիտի Չգանձուի


Մարտ 27ին Արցախի Ազգային ժողովը 24 կողմ ձայներով ընդունած է «Պետական տուրքի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկները: Այսուհետեւ մինչեւ 21 օրով մէկ անգամուան համար զբօսաշրջիկներէն մուտքի արտօնագրի համար պետական տուրք պիտի չգանձուի:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի խօսքով` օրէնսդրական փոփոխութիւններուն նպատակը Արցախի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելն է։

Աւելցնենք, որ օտարերկրեայ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրները պիտի ձեւակերպուին Արցախի սահմանակէտերուն վրայ: