Արցախ Յուշակոթողի Քողազերծումը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ


Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ եւ Առաջին Մարտիրոսի տօնին առթիւ, որ կը համարուի նաեւ եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն տօնը, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սբ. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:

Ս․ Երրորդութիւն Եկեղեցին, անմահացնելու համար Արցախեան գոյամարտի ընթացքին նահատակուած բոլոր զինուորներու, սպաներու եւ կամաւոր մարտիկներու յիշատակը, նախաձեռնած էր Եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքին զետեղել յուշակոթող մը, որուն քողազերծումը կատարուեցաւ նոյն օրը յաւարտ Սբ. Պատարագի:

Յուշակոթողին արուեստագէտն է թորոնթոբնակ Փոլիշչուկ Միկոլան, իսկ բարերարներն են՝ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Կարինէ Ղարիպեան եւ ընտանիքը:

Սբ. Պատարագին եւ յուշակոթողի քողազերծման իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Վարուժան Լափոյեան, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ․ Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեան, Թորոնթոյի մէջ հայկական եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, թորոնթահայ նահատակ Քրիստափոր Արթինի եւ Ղարիպեան ընտանիքները:

Տ. Զարեհ իր քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին եւ մեր նահակատներու անձնուրացութիւնը նոյնացուց նախավկայ եւ նախամարտիրոս Սբ. Ստեփանոսի վարքին եւ զոհաբերման հետ:

Յաւարտ Սբ. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի անկախութեան եւ անոր ժողովուրդի ազատութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներուն հոգիներուն համար:

Ապա, այս առթիւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին, Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, իր հայկական արմատները վերագտած թորոնթահայ Այտա Գրիգորեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեան, Տ․ Վարդան Ծ. Վ․ Թաշճեան եւ ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ, եկեղեցական թափօրով բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ նախամուտքը, ուր կը գտնուի Յուշակոթողը: Ծաղկեպսակներու զետեղումէն եւ Հանգստեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ յուշակոթողին քօղազերծումը:

Հանդիսութիւնն աւարտեցաւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ՝ բոլոր ներկաներուն կողմէ:

Ստորեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչ Յակոբ Ճանպազեանի խօսքը

…Վաղն, երբ անոնք թամբեն իրենց նժոյգներն

Ու անոնցմով վրէժին մէջ մկրտուին,

Ո՜հ, այն ատեն մեր մեռելները բոլոր

Միահամուռ ոստումով

Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,

Ու անհամբեր հեռո՜ւն, հեռո՜ւն ակնապիշ

Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին

Արշալոյսի մը, որուն, հաւատացէ՛ք ինձ, մայրե՛ր,

Ես ոտնաձայնը կ’առնեմ:

Դանիէլ Վարուժան

Հոգեշնորհ հայրեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, նորին գերազանցութիւն ազ­նուա­զարմ դեսպանուհի, Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս եւ յարգելի հաւատաց­եալներ,

Այսօր երախտագիտական եւ յարգանքի անխառն զգացումներով կը բարձրաձայնեմ  Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող գաղափարակից ընկերներուս, քաղա­քական, կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, ինչպէս նաեւ մար­զական, սկաուտական, երիտասարդական եւ պատանեկան միախմբուած համա­կար­գերուն ու բոլորին անունով կը խոնարհիմ դիմացը յաւէտ ննջող մեր հերոսներու հիանալի ու պատկառելի յուշակոթողին, որ քիչ ետք անոր քօղազերծումը պիտի կատա­րենք միասնաբար:

Ներքուստ մեզի համար, սիրելինե՛ր, սարսափեցնող երկու տարիներ էին, որ սա­հե­ցան մեր վրայէն ու մենք դարձեալ ակնածանքով կը խոնարհինք հայոց  հերոսածին քա­ջամարտիկներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին Ար­ցախ հայաշխարհի պատերազմներուն ընդհանրապէս եւ Արցախի 44-օրեայ գոյամարտին ընթացքին մասնաւորաբար։ Այո, անոնք իրենց թանկագին կեանքերը ընծայա­բերեցին ու իրենց անգին արիւնը շաղախեցին Արցախի եւ Հայաստանի սուրբ հողին հետ, որպէսզի մենք իբրեւ ազգ ու ժողովուրդ գոյատեւենք մեզի ժառանգ մնացած արդար հայրենիքին՝ Հայաստանի հողին վրայ:

Քաղաքամայր Երեւանի Եռաբլուրի պանթէոնին, Պռօշեանի պանթէոնին, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պանթէոններուն մէջ առյաւէտ ննջող բազմահա­զար նահատակ հայորդիներու կողքին, ինչպէս անդրադարձաւ Տէր Զարեհը իր խօս­քին մէջ, կը ննջէ նաեւ թորոնթոհայ համայնքի մեր սիրելի անդամներէն մին՝ Քրիս­տա­փոր Արթինը, որ նաեւ եղած է Հայ Կեդրոնի ՀՅԴ պատանեկան միութեան վարիչն ու դաստիարակը, որու շունչին տակ մեծցան հարիւրաւոր պատանիներ եւ այսօր դար­ձած են գործուն եւ պատուաւոր երիտասարդներ մեր գաղութէն ներս:

Սիրելինե՛ր, ես արտասանեցի մէկ անուն, սակայն այդ անունին ներքոյ բազմահազար մեր հերոս նահատակներուն հոգիները այսօր անդենականին մէջ վստահ իրենց ար­դա­րագոյն տեղը ապահոված են:

Մենք կը հաւատանք, թէ բազմահազար մեր նահատակներուն նուիրաբերումը եւ անոնց թափած մաքուր արիւնը ի դերեւ պիտի չմնան, քանզի մեր գալիք սերունդները կը դաստիարակուին անոնց նուիրաբերումի օրինակով եւ վստահաբար պիտի դաս­տիարակուին հայրենասիրական ոգիով:

Այո՛ սիրելիներ, երբ մենք մուտք կը գործենք Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջա­փա­կէն ներս, եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրուած հոյակերտ յուշակոթողին դիմաց բո­լորս խոնարհինք ակնածանքով, յարգանքով, քանզի անոր ոգեղէն կառոյցին ընդմէջէն մենք պիտի տեսնենք հայոց նահատակ հայորդիները, որոնք նուիրաբերուեցան Հա­յաստանի եւ Արցախի ազատութեան եւ անկախութեան սրբազան բագինին:

Յարգա՜նք անոնց թողած յիշատակին: Յարգա՜նք բոլոր յայտնի եւ անյայտ հերոսներու անմեռ յիշատակին:

Տօնական այս օրերուն, Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի հա­յոր­դիները ակնա­ծան­քով կը խոնարհին հերոսածին մեր զաւակներուն նուիրաբերումին առջեւ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Շնորհակալութիւն

Յուշակոթողի քօղազեծման արարողութենէն պատկերներ