Արցախն Ունի Նոր Սահմանադրութիւն


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Փետրուար 20ին, տեղի ունեցաւ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն:

Ընտրական գործընթացին հետեւելու համար Արցախ ժամանած էին տարբեր երկիրներէ դիտորդներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Արցախի Հանրապետութեան Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը Փետրուար 21ին հրապարակեց նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէի նախնական արդիւնքները:

Ըստ արդիւնքներուն` 103 հազար 793 ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներէն մասնակցած է 79 հազար 428 քաղաքացի, որ կը կազմէ ընդհանուր թիւին 76,44 տոկոսը: Կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 69 հազար 540 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 87,6 տոկոսը, դէմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 7 հազար 686 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 9,7 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2202 կամ ընդանուր քուէարկածներուն 2,8 տոկոսը:

Սահմանադրական փոփոխութիւնները կ՝ենթադրեն անցում կառավարման նախագահական համակարգին: Գործող սահմանադրութեամբ, որ ընդունուած է 2006ին, ԼՂՀի մէջ կառավարման կիսանախագահական համակարգ է:

Վերոնշեալ բարեփոխումներուն նպատակն է մարդու ազատութիւններու եւ հիմնարար իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան, իշխանութեան ճիւղերու միջեւ հաւասարակշռութեան ամրապնդումն ու բարելաւումը, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը: