Արցախ Վերադարձած է Աւելի Քան 100 Հազար Մարդ. Ալիեւը Կը Ստէ


Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն պատկեր մը

Լուսինէ Ոսկանեան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յուլիս 22-ին Azerbaijan TV հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմէն ետք կ’ապրի ընդամէնը 25 հազար մարդ: 

Անդրադառնալով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի տարածաշրջանային այցին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ խօսակցութիւններուն` Ալիեւ, մասնաւորապէս, նշած է. «Մենք ունինք բաւական լայն եւ բազմակողմանի տեղեկութիւն այնտեղ (Լեռնային Ղարաբաղի մէջ-խմբ.) կատարուող գործընթացներուն մասին: … Այնտեղ ապրողներուն իրական թիւը 25 հազար է: Այլ թիւեր նշուած են, թէ իբր պատերազմէն ետք այնտեղ վերադարձած է 50 հազար մարդ: Հնարաւոր է, բայց վերադառնալ չի նշանակեր այնտեղ մնալ», ըսած է Ալիեւ` եզրակացնելով, որ անտրամաբանական է 25 հազար մարդու համար կարգավիճակ քննարկելը:

«Փաստերու ստուգման հարթակ»ը ուսումնասիրած է Ալիեւի այս պնդումները:

Նշենք, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պարբերաբար թիւեր կը ներկայացնէր Արցախ վերադարձած քաղաքացիներուն մասին:

Այդպէս, ըստ այդ տուեալներուն, դեռ Փետրուարին աւելի քանի 52 հազար անձ վերադարձած էր արցախ: Յատկանշական է, որ շատ քաղաքացիներ վերադարձած են նաեւ Վարդենիս-Քարվաճառ ճանապարհով (մինչեւ տարածքի յանձնումը Ազրպէյճանին), ուր այդ պահուն ռուս խաղաղապահներ չեն եղած: 

Յատկանշական է, որ նոյն շրջանին Արցախի աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարարութիւնը այլ տուեալներ յայտնած է: Ըստ անոնց`  Արցախ վերադարձած է մօտ 100 հազար մարդ: Նախարար Մանէ Թանդիլեանի խօսքով` տարբերութեան պատճառը այն է, որ խաղաղապահներու հրապարակած տուեալները կը ձեւաւորուին հանրակառքերով վերադարձողներու վիճակագրութեան հիման վրայ:

«Վերադարձողներուն մէկ մասը սեփական ինքնաշարժներով եկած է, որոնց տուեալները այդ թիւերուն մէջ չեն արտացոլուած: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս պահուն մեծ մասամբ կը բնակին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած բնակավայրերէն տեղահանուած  արցախցիներ: Տեղահանուածներուն մօտ 60 տոկոսը նոյնպէս վերադարձած է Արցախ», նշած է Թանդիլեան:

FIP.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան յայտնած է, որ այս պահուն Արցախի մէջ փաստացի կը բնակի 120 հազար քաղաքացի:

Այսպիսով, Ալիեւի պնդումը, թէ Արցախի մէջ ներկայիս կ’ապրի 25 հազար մարդ, չի համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ տակաւին Փետրուարին ռուս խաղաղապահներու տուեալներով հայրենիք վերադարձած էր 52 հազար մարդ, իսկ Արցախի պաշտօնական տուեալներով` Արցախ վերադարձած է եւ փաստացի կ’ապրի աւելի քան 100 հազար մարդ: