Աւելի քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին


Թորոնթոհայութիւնը պատմական օր մը ապրեցաւ Ապրիլ 30ին, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Թորոնթօ եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ։

Հանդիպման ներկայ էին աւելի քան 1500 թորոնթոհայեր։ Ձեռնարկի  հովանաւորն էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն, Հայ Աւետարանական, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ մշակութային միութեան, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Վերը նշուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ` «Զօրեան» Հիմնարկէն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Գանատայի Հայ Երիտասարդական Միութենէն, Թորոնթոյի հայ տարեցներու միութենէն, ՀՄԸՄ եւ Համազգային հայ մշակութային միութենէն, ինչպէս նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման ծրագրի պատասխանատու Ռաֆֆի Պետրոսեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ՝ Թորոնթոյի քրտական եւ ասորական համայնքէն։

Երեկոն սկսաւ կարճ տեսանիւթ-զեկոյցով մը, որ կը ներկայացնէր Կարօ Փայլանի վերջին տարիներու քաղաքացիակական գործունէութիւնը։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր-տնօրէն Սեւակ Պէլեան կարդաց կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը եւ ներկայացուց Փայլանը։ Պէլեան հիւրը բնորոշեց իբրեւ հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներ հետապնդող գործիչ։ «Պր․ Փայլան, ձեր գործունէութիւն համեստացնող եւ ոգեշնչող է։ Ոգեշնչում, որ կը ցուցաբերուի ուժի հաստատակամութեամբ, որ մեզ կը մղէ գնահատելու արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համար մեր պայքարի իսկական իմաստը», ըսաւ ան:

Ծափահարութիւններու տարափի մը տակ ամպիոն բարձրացաւ Կարօ Փայլան։ Ան ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ներկայ քաղաքական իրավիճակը, սահմանադրական հանրաքուէէն ետք շարունակական անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնը Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն համար։ Ան շեշտեց ոճիրները՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանչնալու կարեւորութիւնը, յայտարարելով, թէ «Անպատիժ յանցագործութիւնները կ՛առաջնորդեն նոր յանցագործութիւններու»։

Փայլան կարեւոր համարեց պահպանել ու արժեւորել ժողովրդավարութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, յարգանքն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու հիւրին, որմէ ետք Պէլեան բեմ հրաւիրեց Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Ճանպազեանը, որպէսզի հիւրին յանձնէ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ նուէր մը։

Փայլանի ներկայութիւնը, անոր բացառիկ դատողութիւնները ոգեշնչեցին թորոնթոհայութիւնը, յատկապէս նոր սերունդները, որոնք ուխտած են մեր հաւաքական պայքարի ջահը վառ պահելու ամբողջ աշխարհի մէջ։

Կարօ Փայլան հիմնադիր անդամ է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան, եւ պատգամաւոր՝ Պոլսոյ երրորդ շրջանէն։ Ան Պոլսոյ հայ համայքի անդամ է եւ երկար ժամանակէ ի վեր ջատագով մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, յատկապէս քրտական եւ հայկական հարցերու, որոնց մէջ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին։