Աւելի Քան 87 Տոկոս Ձայնով Արայիկ Յարութիւնեան` Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ


Արայիկ Յարութիւնեան

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան Ֆէյսպուքի էջին վրայ տեղեկութիւններ հաղորդած է Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքներուն մասին:

«Արայիկ Յարութիւնեան` Արցախի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահ. նախնական արդիւնքները` աւելի քան 87 տոկոս, կը շնորհաւորեմ բոլորիս», գրած է ան:

Պօղոսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան վաղը` ժամը 12:00-ին, «Արմենիա» հիւրանոցի խորհրդաժողովներու դահլիճին մէջ հանդէս պիտի գայ մամուլի ասուլիսով:

Ժամը 20.00-ի դրութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի 2-րդ փուլի ընտրութիւններուն մասնակցած է 47 050 ընտրող (ընտրողներուն 44,9 տոկոսը):

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի մէջ նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելու առթիւ:

Նախագահ Սարգսեանն ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Արցախի համար շատ բարդ ու պատասխանատու ժամանակահատուածին` պայմանաւորուած աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ մասնաւորապէս մեր տարածաշրջանին մէջ ընթացող բարդ աշխարհաքաղաքական գործընթացներով: 

«Արցախի Հանրապետութիւնը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ կայացած երկիր է` իր պետական մարմիններով եւ, ամենակարեւորը, իր քաղաքացիներով: Այսօր առաւել քան երբեւէ մենք միասնական ու համախմբուած լինելու կարիք ունենք», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանը պիտի կարենայ ամրապնդել համերաշխութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտը Արցախի մէջ, կազմակերպել եւ ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, համախմբել ժողովուրդy միասնական նպատակներու շուրջ: