«Բաբելոնի Աշտարակ» Կատակերգութիւնը` Թորոնթոյի Մէջ


«Բաբելոնի Աշտարակ» թատերական ներկայացումէն պատկերներ, Հայ Երիտասարդական կեդրոն, Համազգային թատերասրահ, Թորոնթo, 26 Յունուար 2019:

Շողիկ Ճելլատեան


Թատերական ներկայացումը գրական երկի եւ բեմական գործողութեան համադրութեամբ ստեղծուող իրականութիւն է: Թատրոնը կեանքի հայելին է. իմաստալից է Սօս Սարգսեանի խօսքը թատրոնի դերի մասին՝ « Թատրոնը շատ մեծ, վիթխարի դեր ունի խաղալու մեր հասարակական կեանքում, մեծ է նրա դերը նոր սերնդին կրթելու եւ դաստիարակելու գործում»:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Դէմ Դիմակ» թատերական յանձնախումբի հրաւէրով, 26 Յունուար 2019ին, Համազգային Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգային թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Բաբելոնի Աշտարակ» խիստ քրքջալի կատակերգութիւնը:

Բացումը կատարեց ընկեր Արա Հասըրճեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ թատերախումբին , որ ջերմապէս ընդառաջեց վարչութեան հրաւէրին եւ առիթը ընծայեց թորոնթոհայ գաղութին վայելելու իրենց տարած տքնաջան աշխատանքի արդիւնքը:

«Բաբելոնի Աշտարակ» կատակերգութեան հեղինակն է Մայքըլ Ֆրէյն. թատերախաղը արժանացած է վերջին երեսնամեակի ամէնէն յաջող կատակերգութիւններէն մէկուն համբաւին: Թատերախաղի հայացումը եւ բեմադրութիւնը կատարած է Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ մաս կազմած է «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին 1971էն սկսեալ: Թիւֆէնքճեան ցարդ բեմադրած է ինը թատերախաղեր: Գնահատելի է բեմադրիչին նուիրեալ մօտեցումը թատերական կեանքի տարբեր երեւոյթներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ համախմբելու երիտասարդ ու նորեկ տարրեր անոնց մէջ արթնցնելու սէր՝ հանդէպ հայ բեմին ու թատրոնին:

Կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ երեք արարներով եւ երկու ընդմիջումներով: Առաջին արարը կը ներկայացնէ թատերախումբի մը ունեցած ծիծաղաշարժ անցուդարձերը փորձերու ընթացքին, իսկ երկրորդ եւ երրորդ արարները՝  ներկայացումները քուլիսներու մէջ եւ բեմի վրայ:

Յոյժ գնահատելի էին մասնակից դերակատարներու եւ քուլիսներու ետին տարուած սիրայօժար աշխատանքները, որոնց արդիւնքը ակնյայտ էր հանդիսատեսին: Ուշագրաւ էր նաեւ դերակատարներու հայերէն լեզուի զոյգ ճիւղերու՝ արեւելահայերէնի եւ արեւամտահայերէնի հարազատ արտասանութիւնը: Թիւֆէնքճեան իր խօսքի մէջ նշած է այս կտորի հայացման ընթացքին ըրած կարգ մը պատշաճեցումները հետեւեալ ձեւով. «Կատակերգութեան տիպարները (բացի մէկէն) կը կրեն զիրենք մարմնաւորող դերակատարներուն անունները, այդպիսով երեւութապէս ջնջելով դերակատարներուն եւ տիպարին տարանջատումը, իսկ անոնց ներկայացնելիք կտորը՝« Անակնկալ Հանդիպումը» վերածած եմ արեւելահայերէնի, վեր առնելու համար մեր լեզուի երկու ճիւղերուն գործածութեան տարբերութիւններն ու առկայ խնդիրները»:

Հանդիսատեսները իսկապէս վայելեցին թատերախումբի աշխոյժ եւ սլացիկ դերակատարութիւնը բեմայարդակի վրայ, նաեւ դէպքերու զուարճալի եւ բնական ընթացքը: Նշմարելի էր, որ հանդիսատեսը աւելի ընտելացաւ երրորդ արարի ընթացքին, ուր դէպքերը հասան իրենց գագաթնակէտին:

Ներկայացման աւարտին դերակատարներու հետ բեմ բարձրացաւ նաեւ Թիւֆէնքճեան շնորհակալութիւն յայտնելով՝ «Գլաձոր» վարչութեան, հանդիսատեսներուն եւ թատերական կազմին: