Բազմաշնորհ Եւ Անբասիր Հոգեւորականը` Հոգելոյս Գերշ. Տէր Մեղրիկ Սրբ. Բարիքեան. Յիշատակելի Տպաւորութիւններ Եւ Վկայութիւններ


Սիւզի Գավասեան Գալթակեան

Աշնանային օր մըն էր, երբ իմացայ, որ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւը՝ Գերշ. Տէր Շահէ Ծ. Վրդ. Փանոսեան պիտի մեկնի Պէյրութ՝ Մայրավանք եւ իրեն պիտի փոխարինէ նոր հովիւ մը:

Տարօրինակ զգացում մը պատեց զիս եւ հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ մէջս, թէ ո՞վ պիտի ըլլար մեր նոր Հայր Հովիւը: Վերջապէս իմացայ, որ 19 Դեկտեմբեր 2002-ին պիտի ժամանէ երիտասարդ հոգեւորական մը, ուստի, Թորոնթոյի գաղութը եւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցին պիտի օժտուին նոր Հովիւով մը, յանձինն՝ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանին:

Յաջորդող Կիրակին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի հովանիին ներքեւ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած էին հանդիպումի մը, Համազգայինի գրադարանին մէջ, մօտէն ծանօթանալու նոր Հայր Սուրբին:

Քիչ ետք, Հայր Շահէին ընկերակցութեամբ մուտք գործեց պարթեւահասակ, սեւ մազերով, սեւ երկար մօրուքով, գեղադէմ 33 տարեկան երիտասարդ մը, որ հիացմունք պատճառեց: Հայր Շահէն ներկայացուց երիտասարդ հոգեւորականը, ըսելով. «Ձեզի կը ներկայացնեմ ձեր նոր Հովիւը՝ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանը: Անունը Մեղրիկ է եւ իր բերնէն ելած մեղրածոր բառերով, պատգամներով ձեզի պիտի հովուէ»:

Ես հետաքրքրութեամբ սկսայ դիտել այս պարթեւահասակ երիտասարդին, իր փայլուն աչքերուն մէջ նշմարեցի քաղցր, անուշ նայուածքը եւ անմիջապէս ես ինծի սկսայ մտածել, թէ իսկական հոգեւորականի մը հետ դէմ յանդիման կը գտնուիմ: Կիրակի օր ներկայ գտնուեցայ իր առաջին պատարագին եւ Ս․ Պատարագի աւարտին դուրս ելայ խորապէս տպաւորուած իր առաջին քարոզէն:

Հայր Մեղրիկին գալէն երկու ամիսներ ետք, ընկերուհիներէս մին մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Սիւզի, Հայր Սուրբը մի քանի անձերու պէտք ունի իրեն օգտակար ըլլալու համար, որոնք հայերէնի լեզուին քաջածանօթ են: Կրնա՞ս օգտակար դառնալ իրեն»:

Անակնկալի եկած՝ ըսի, չեմ գիտեր, ինչպէ՞ս եւ ո՞րքանով կրնամ օգտակար ըլլալ, որովհետեւ ես հոգեւորականի մը հետ բնաւ չեմ աշխատած եւ չեմ գիտեր ի՞նչ կ’ակնկալուի ինձմէ: Յամենայնդէպս, անվարան ես իմ հաւանութիւնս տուի:

Հայր Սուրբը մտադրած էր «ՇՈՂԱԿԱԹ» կրօնական ամսաթերթի մը հրատարակութեան, հետեւաբար հրաւիրած էր քանի մը անհատներ, ներառեալ զիս: Բաւական բացատրութիւններ տալէ ետք ծրագրին մասին, հարց տուաւ, եթէ կրնանք օգտակար ըլլալ իրեն: Ես սիրով տուի իմ համաձայնութիւնս: Օրերը կը սահէին եւ ես կամաց-կամաց Հայր Սուրբին հետ մեծ հաճոյքով լծուեցայ աշխատանքի:

Տարօրինակ, բայց իրաւ: Օր մը աչքերուս մէջ կարծես տխրութիւն մը նշմարեց եւ հարցուց, թէ ի՞նչ ունիմ: Հաւանաբար կարծեց, որ գործի ճնշման տակ յոգնած եմ:

Ըսի. «Հայր Սուրբ, երկու ամիս առաջ իմ յօժար կամքովս Առողջապահութեան Նախարարութեան մէջ (Ontario Ministry of Health) ունեցած պաշտօնս ձգեցի, որովհետեւ ուզեցի առաջին թոռնիկիս մեծ մայրութիւն ընել, սակայն հիմա, կը զղջամ, կը մտածեմ, որ ուսանեցայ նորածինի մը շորի՞կը փոխելու համար»: Հայր Սուրբին պատասխանը եղաւ․«Ըրած զոհողութիւնդ սրբազան առաքելութիւն է, եւ չըլլայ-չըլլայ ինքզինքդ տառապեցնես այս ուղղութեամբ», բոլորովին փոխեց տրամադրութիւնս:

Հայր Մեղրիկ, հակառակ իր շատ երիտասարդ տարիքին, ոչ միայն ինծի, այլեւ՝ շա՜տ-շատերուն համար եղաւ հոգեբան, ոգեւորիչ ուժ ներշնչող եւ վիշտեր ամոքող ԱՆԲԱՍԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ:

Այս պարթեւահասակ երիտասարդ հոգեւորականը ունէր բխրուն սիրտ մը, փափուկ եւ բարութեամբ զեղուն հոգի մը: 12 տարիներու ընթացքին ամենայն սիրով ու մեծ հաճոյքով կողք-կողքի կամաւոր աշխատեցայ իրեն հետ՝ առանց գանգատելու, առանց ձանձրանալու, առանց վհատելու եւ առանց ակնկալութեան: Այսօր ես ինծի հարց կու տամ, թէ որքանո՞վ կրցայ իմ աշխատանքովս արդարացնել ինձմէ սպասուած իր ակնկալութիւնները: Ես շատ բաներ սորվեցայ իրմէ, բայց երբեմն մէկ բառի վրայ տարակարծիք գտնուելով կը վիճաբանէինք, հայերէն լեզուի սիրոյն:

12 տարիներու ընթացքին իրեն հետ աշխատելով ես տեսայ, թէ որքան ծանր աշխատանք էր իր պատասխանատուութիւնը: Ան, գիշեր-ցերեկ երկար ժամեր աշխատելով գիրքեր հրատարակեց, զանազան ձեռնարկներով խանդավառութիւն ստեղծեց, համայնքէն ներս երգահանդէսներ կազմակերպեց, պատրաստեց տեսահոլովակներ, սկաւառակներ, գրեց հարիւրաւոր յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ, ջանալով դաստիարակել մեզ: Առաւել՝ իր քարոզախօսութիւններով եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններով հաղորդակից դարձուց մեզի Աստուածաշունչ Մատեանին:

Հայր Մեղրիկ, բոլորին նկատմամբ՝ ուսեալին եւ ոչ ուսեալին հանդէպ անխտիր կը կարեկցէր եւ գուրգուրանք ցոյց կու տար, ունէր այնպիսի փխրուն սիրտ մը, որ լացողին հետ կը յուզուէր եւ խնդացողին հետ կ’ուրախանար: Իրեն համար մեծ կամ պզտիկ, մանուկ կամ երեխայ, պատանի, երիտասարդ թէ տարեց, հարուստ կամ աղքատ, ամէնքն ալ անխտիր հաւասար էին:

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան սուրբ տօներուն առթիւ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի երիտասարդ-երիտասարդուհիներով փաղանգ մը կազմեց, որպէսզի տան մէջ միայնակ ապրողներուն նուէրներով ուրախացնէ:

Հայր Սուրբը այնքան բարեսիրտ էր, որ բոլորին համահաւասար կարեկցութիւն ցոյց տալէ զատ, իր  ունեցածը կը բաժնէր աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն: Բարերար կ’ըլլար չքաւոր կարգ մը երեխաներուն, անոնց  դպրոցական տարեթոշակը վճարելով, որպէսզի օտար վարժարաններ չյաճախեն:

Ես, ականատեսի աչքերով կը տեսնէի, թէ ինչպէ՜ս իր գրպանէն, իր եկամուտէն հազարաւոր տոլարներով՝ լռելեայն, մի քանի երիտասարդներու համալսարանական ծախսերուն օգտակար կ’ըլլար, ըլլայ Թորոնթոյի մէջ, թէ Լիբանանի Թռչնոց Բոյնի կարգ մը իր նախկին աշակերտներուն, որոնք համալսարանի ծախսերուն համար կը դիմէին օգնութիւն հայցելով իրմէ:

Տարբեր էր մեր Հովիւը եւ իր մօտեցումը իր հօտին:Ան խթան կը հանդիսանար բոլորին՝ մանուկէն մինչեւ տարեցին: Երեխային հետ կը մանկանար, պատանիին՝ դաստիարակ ուսուցիչ էր, երիտասարդին հետ կ’եղբայրանար,կը  քաջալերէր եւ կ’ոոգեւորէր զիրնեք ըսելով՝ կեանքին դէմ պիտի պայքարիք եւ դժուարութեան դէմ պիտի չընկրկիք, ձեզի նշանաբան ունենալով «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

Կիրակնօրեայ պատարագները սկսան հետզհետէ խուռներամ դառնալ, մանաւանդ երիտասարդներով: Կրօնական դաստիարակութեան ընդմէջէն, Աստուծոյ հանդէպ տկար հաւատք ունեցողներուն հաւատք ներշնչեց, հաւատացեալները ոգեւորեց եւ առաւել եւս Սուրբ Եկեղեցւոյ մօտեցուց զիրենք: Արդարամտութեամբ կը վարուէր բոլորին հետ: Իրեն համար անձին ներաշխարհն էր կարեւորը եւ ոչ թէ արտաքին երեւոյթները, հաղորդական էր բոլորին հետ:

Հայր Մեղրիկի մօտ ակնյայտ էր մե՜ծ եւ լա՜յն սիրտ մը ունեցող անձը, մաքրամաքուր անհատականութիւն ունեցող առաքինի վարքով, ընկերային եւ ԱՆԲԱՍԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ:

Դաստիարակչական էին Սուրբ Խորանէն իր տուած քարոզները, իրեն համար երիտասարդութիւնը ամէն ինչ էր, կը տառապէր եւ կ’ուրախանար իրենց հետ եւ իր  սրտի խորերէն կ’աղօթէր անոնց հոգիներու փրկութեան համար:

Բոլորիս հետ իսկական «Հայր» էր եւ «եղբայր»: Տարեցիներուն՝ «դստրիկս« եւ «որդիս» ըսելով կ’ուրախացնէր զիրենք: Մանկապարտէզի ծիլ եւ բողբոջ դասարանի ձագուկներուն քով, ծալապատիկ նստած, իրենց հետ կը զուարճանար եւ կը զուարճացնէր:

Ես անձնապէս Մեղրիկ Սրբազանին մասին, ականատեսի աչքերովս կրնամ շատ պատմութիւններ պատմել, սակայն այս մէկ դրուագը պէտք է անպայման հաղորդակից դարձնեմ ընթերցողին:

2010 թուականին, ըստ սովորութեան, գործերով բեռնաւորուած օր մըն էր: Հայր Սուրբին քովն էի եւ միասին կ’աշխատէինք: Հեռաձայնը հնչեց. Տիկ. Ծովինար Աշըգեանն էր: Լացակումած, կարծես յուշակորոյս վիճակի մէջ, խնդրեց Հայր Սուրբէն որ իր ամուսնոյն՝ Մովսէսին, որ հիւանդանոցն էր, երթայ եւ Ս. Հաղորդութիւն տայ, որովհետեւ բժիշկը միայն երկու ժամուան կեանք տուած էր իրեն: Անմիջապէս Հայր Սուրբին հետ գացինք Թորոնթոյի North York հիւանդանոց, Մովսէսը շրջապատուած էր իր երեք զաւակներով, մինչ այդ Ծովիկը, կարծես խելագարած վիճակի մէջ, կու լար, որ իր կեանքի ընկերը՝ պիտի կորսնցնէր: Հայր Սուրբը երկար աղօթեց, գլուխը խաչակնքեց եւ Ս. Հաղորդութիւնը դրաւ բերնին մէջ: Ապա, քաջալերական խօսքեր ըսաւ Ծովիկին եւ իր զաւակներուն:

Տարօրինակ, ի՜նչ հրաշք, եթէ ես իմ աչքերովս չտեսնէի պատահածը, գուցէ չհաւատայի: Իր կինն ու զաւակները չյիշող ու չճանչցող Եղբ. Մովսէսը, մի քանի վայրկեան ետք աչքերը բացաւ, ինծի նայեցաւ, ըսաւ. «Քոյր Սիւզի, ինչպէ՞ս ես, ուրախ եմ քեզ տեսնելուս, լաւ որ եկար»: Մինչ այդ ըսեմ, որ ՀՄԸՄի մէջ երկար տարիներ միասին աշխատած ենք եղբ. Մովսէսին հետ: Ապա, դարձաւ Հայր Սուրբին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն այցելած ըլլալուն համար: Եղբ. Մովսէսը մինչեւ իր մահը՝ 2018 թուականը, աւելի քան 80 տարեկան ապրեցաւ եւ  Ս. Աստուածածնայ բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ եղաւ: Եթէ այս երեւոյթը հրաշք չէ, ապա ի՞նչ է:

Ես ականատեսի աչքերովս կրնամ կարգով թուագրել իր ըրած նիւթական  եւ բարոյական շա՜տ ու շա՜տ բարիքներուն մասին, ինչպէս նաեւ կատարած շատ մը հրաշքներուն, որոնց լաւատեղեակ եմ: Ահաւասիկ մեր սիրելի Հայր Մեղրիկը:

Տարիները կը սահէին եւ բախտաբեր օր մը, իմացանք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ 26-27 Ապրիլ 2014-ին, Եպիսկոպոս պիտի Ձեռնադրուի եւ Օծուի: Բարեբաստիկ լուրը ուրախացուց եւ տխրեցուց գաղութը, որովհետեւ իր Եպիսկոպոսացումէն ետք Թորոնթոյէն պիտի բաժնուէր եւ պիտի երթար Մոնթրէալ, որպէս Գանատահայոց նորընտիր Առաջնորդ:

Թորոնթոհայ գաղութն ու Սրբազան Հայրը կը փնտռէին զիրար հոգեպէս լիցքաւորուելու համար եւ Սրբազանը իր յաճախակի հանդիպումներով կը գոհացնէր բոլորիս: Ան մեզի համար կը մնար միշտ՝

ԲԱԶՄԱՇՆՈՐՀ ԵՒ ԱՆԲԱՍԻՐ ՀՈԳՇ. ՏԷՐ ՄԵՂՐԻԿ Ծ. ՎՐԴ ԲԱՐԻՔԵԱՆԸ

Չարաբաստիկ օր մը, Ուրբաթ, 15 Յունուարի վաղ առաւօտեան, խոր ցաւով կ’իմանայի Մեղրիկ Սրբազանի վաղաժամ մահուան գոյժը:

Խունկ ու աղօթք, հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Սրբազան եւ թող հոգիդ լուսաւորութեան մէջ ծածանի: Քու քաղցր յիշատակներդ անթառամ պիտի մնան յատկապէս Թորոնթոյի քու շատ սիրելի համայնքիդ մօտ: