Բակօ Սահակեան Երրորդ Անգամ Ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը


«Արցախփրես»․- Այսօր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ յատուկ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդման արարողութիւնը:

Նիստին բացման խօսքով հանդէս եկած է Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Արցախի նախագահի երդման համար Ազգային Ժողովի դահլիճ բերուած է Արցախի Սահմանադրութիւնը եւ 17րդ դարու Աւետարան:

Նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, երդման իր խօսքին մէջ, Բակօ Սահակեան ըսած է. «Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` կ՝երդնում անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»:

Երդմնակալութեան արարողութեան օրհնութեան կարգ կատարած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, այնուհետեւ` շնորհաւորանքի խօսք յղած Բակօ Սահակեանին:

Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին ներկայ եղած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամներ, պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Արցախեան շարժման մասնակիցներ, հանրային գործիչներ: