Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի Յիշատակուեցաւ Թորոնթոյի Մէջ


Լենա Տէր Պետրոսեան

Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեան


Հա­մազ­գա­յին ՙԳլա­ձոր՚ Մաս­նա­ճիւ­ղի Գրա­սէր­նե­րու խմբա­կի հա­ւաք­նե­րու շար­քին ծի­րէն ներս, 25 Փետ­րո­ւար յետ­մի­ջօ­րէին Հայ Կեդ­րո­նի ՙՅա­րու­թիւն Մա­նու­կեան՚ գրա­դա­րա­նին մէջ, յի­շա­տա­կո­ւե­ցաւ Պոլ­սա­հայ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն Զա­րեհ Խրա­խու­նին (1926 – 2015)։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Ար­տա Տէր Յա­կո­բեան. ան յայտ­նեց թէ գրա­սէր­նե­րու խմբա­կի 6րդ ­տա­րե­դարձն է եւ 2018 տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը։ Հա­մազ­գա­յի­նի գրա­սէր­նե­րու խմբա­կը քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի հա­ւաք­ներ յա­ջող­ցու­ցած է իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր։ Այս գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գրե­թէ յի­սուն տա­րի­նե­րէ ա­ւե­լի կ’ եր­կա­րի գա­ղու­թէն ներս եւ այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կո­ւի Թա­մար Տօ­նա­պե­տեան Գու­զո­ւեա­նի եւ գրա­կան յանձ­նա­խում­բի միաս­նա­կան ջան­քե­րով։ Վեց տա­րի­ներ ա­ռաջ ա­ռա­ջին առ­թիւ այս խմբա­կը ներ­կա­յա­ցուց Վա­հան Տէ­րեա­նը, ո­րու յա­ջոր­դե­ցին հայ գրա­կա­նու­թեան քա­ջա­ծա­նօթ բազ­մա­թիւ գրա­գէտ եւ բա­նաս­տեղծ­ներ։ Ան հա­կիրճ տո­ղե­րով ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւայ զե­կու­ցա­բեր Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը եւ հրա­ւի­րեց զայն, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ Զա­րեհ Խրա­խու­նին։

Քա­ղա­քիս ար­ժա­նա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեան ծնած է Թո­րոն­թօ, իր նախ­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Սուրբ Խաչ Ազ­գա­յին ա­մե­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին մէջ, այդ շրջա­նին մաս­նակ­ցած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ար­տա­սա­նա­կան մրցու­մին, ար­տա­սա­նե­լով Խրա­խու­նիի ՙԱյս Ծա­ռը Սուրբ՚ քեր­թո­ւա­ծը խլե­լով ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­նա­կը։ Ան իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է ՀՕ­Մի Գո­լո­լեան վար­ժա­րա­նը։ Շրջա­նա­ւարտ ե­ղած է Թո­րոն­թո­յի հա­մալ­սա­րա­նի անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րու ճիւ­ղե­րէն։ Ա­պա ու­սա­նած է Ա­մե­րի­կեան Middlebury College եւ Փա­րի­զի Սոր­պոն հա­մալ­սա­րա­նէն մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կա­նը ստա­ցած ու Փա­րի­զի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­րեք տա­րի ու­սու­ցած։ Բազ­մա­թիւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած Լա­նան մաս կը կազ­մէ Հա­մազ­գա­յի­նի Գրա­սէր­նե­րու խմբա­կին, ինչ­պէս նաեւ Հա­մազ­գա­յի­նի ՙԷ­րե­բու­նի՚ պա­րա­խում­բին։շ Ան Սպա­նիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ հե­տե­ւած է պա­րի դա­սե­րու եւ ան ե­ղած է շատ լաւ սպա­նա­կան ֆլա­մէն­կօ պա­րող մը։

Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նը փոքր տա­րի­քէն սկսեալ մեծ սէր ու հա­մակ­րանք ու­նե­ցած էր բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նիի գոր­ծե­րուն հան­դէպ։ Ան բո­վան­դա­կա­լից բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ Խրա­խու­նիին կեն­սագ­րու­թեան ու գրա­կան վաս­տա­կին մա­սին, յայտ­նեց, թէ բա­նաս­տեղծ, գրաքն­նա­դատ, թարգ­մա­նիչ, թա­տե­րա­գիր, ե­րա­ժիշտ, հնա­բան եւ դաս­տիա­րակ Խրա­խու­նին իր բուն ա­նու­նով Ար­թօ Ճիւմ­պիւ­շեան է եւ Ճիւմ­պիւշ կը նշա­նէ խրախ­ճանք։ Խրա­խու­նին Պոլ­սոյ Մխի­թա­րեան լի­սէէն շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէ ետք, վկա­յո­ւած է Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի փի­լի­սո­փա­յու­թեան, ըն­կե­րա­բա­նու­թեան եւ հո­գե­բա­նու­թեան մար­զե­րէն մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճա­նով։ Իսկ գրա­կա­նու­թեան ու պատ­մու­թեան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Փա­րի­զի Սոր­պոն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րած է Կեդ­րո­նա­կան եւ Է­սա­յեան լի­սէ­նե­րուն մէջ։ Գրա­կան, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժին­ներ խմբագ­րած է ՙՄար­մա­րա՚ օ­րա­թեր­թին մէջ եւ թարգ­մա­նած ու հրա­տա­րա­կած է ման­կա­պա­տե­նա­կան գրա­կա­նու­թիւն։

Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեան ը­սաւ, թէ ՙ20րդ ­դա­րու սկիզ­բը Վա­րու­ժա­նի, Սիա­ման­թո­յի, Թէ­քէեա­նի զար­թօն­քի սե­րուն­դով բիւ­րե­ղա­ցած Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հո­սան­քը ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ պահ մը՝ 1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով։ Բ․ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին դար­ձեալ Պոլ­սոյ մէջ վե­րագ­տաւ իր հու­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ Խրա­խու­նիի, Զահ­րա­տի, Հատ­տէ­ճեա­նի, ա­ւե­լի վերջ Սա­րըաս­լա­նի եւ ու­րիշ­նե­րու հոյ­լով։

Ա­նոնք ու­նե­ցան քեր­թո­ղու­թեան ա­զատ ոճ« ա­ռանց յան­գի ու վան­կի կաշ­կան­դում­նե­րու« պա­հե­ցին ե­րաժշ­տա­կան ու կշռոյ­թի ինք­նա­բուխ նուրբ ա­ռանցք մը« ու­նե­ցան ճոխ բա­ռամ­թերք« չա­փի եւ տո­ղե­րու ճար­տար ընտ­րու­թիւն՚:

Ան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ Խրա­խու­նիին գոր­ծա­ծած մաք­րա­մա­քուր հա­յե­րէն ո­ճին մա­սին« բծախն­դիր ու ճշգրիտ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։Յայտ­նեց՝ թէ Զա­րեհ Խրա­խու­նին հե­ղի­նակ է 26 հա­տոր­նե­րու։ Իր գրու­թիւն­նե­րը ու­նին հե­զա­սահ ոճ, ա­ռատ բա­ռամ­թերք ու պատ­կեր­նե­րու եւ գիւ­տե­րու ճո­խու­թիւն։ Բազ­մա­թիւ գրա­կան մրցա­նակ­նե­րու դափ­նե­կիր Խրա­խու­նին ար­ժա­նա­ցած է Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ Վազ­գէն Ա․ի կող­մէ  ՙՍ․­Սա­հակ-Ս․ Մես­րոպ՚ շքան­շա­նին ու սրբա­տառ կոն­դա­կին, Հա­մազ­գա­յի­նի  Ա­նա­հիտ գրա­կան՚ մրցա­նա­կին, ՀԲԸ­Մի ՙԱ­լեք Մա­նու­կեան մշա­կու­թա­յին՚ մրցա­նա­կին, Սփիւռ­քա­հայ գրող­նե­րու ՙԷ­լիզ Գա­ւուք­ճեան՚ մրցա­նա­կին, ՙՀայ­կա­շէն Ու­զու­նեա­նի՚ գրա­կան մրցա­նա­կին, Հա­յաս­տա­նի ՙՄով­սէս Խո­րե­նա­ցի՚ պա­տո­ւան­շա­նին, ՙԹուր­քիոյ հա­յոց Պատ­րիար­քա­րան՚ի շքան­շա­նին եւ 2012ին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ՙՍ․Մես­րոպ-Մաշ­տոց՚ շքան­շա­նին։

Լա­նան իր եր­կա­րա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ իւ­րա­յա­տուկ բա­ցա­ռիկ ո­ճով Զա­րեհ Խրա­խու­նիէն զա­նա­զան քեր­թո­ւած­ներ ար­տա­սա­նեց հիա­ցում պատ­ճա­ռե­լով ներ­կայ գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան։ Ա­ռա­ջին առ­թիւ կար­դաց ՙՄաս՚ քեր­թո­ւա­ծը, ա­պա ար­տա­սա­նեց ՙԱյս ծա­ռը սուրբ՚ կտո­րը, ու յե­տոյ Խրա­խու­նիին ՙՊար՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը։ ՀՕ­Մի Գո­լո­լեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Նեն­սի Սա­պուն­ճեան հան­դէս ե­կաւ Խրա­խու­նիի ՙՏաս­նա­մեայ հանգ­րո­ւան՚ կտո­րով։ Յա­ջոր­դա­բար Լա­նան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Խրա­խու­նիին ՙԱ­րի Ար­քայն՚ դիւ­ցազ­նա­վէ­պի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին եւ մի քա­նի է­ջեր կար­դաց այդ հա­տո­րէն։ Յա­ջոր­դա­բար ՙՍրտի խօսք՚ գիր­քի մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լով ար­տա­սա­նեց ՙԽօսք սրտի՚ եւ ՙԲոյժ քոյ­րե­րուն՚ քեր­թո­ւած­նե­րը։

Ներ­կայ գրա­սէր­ներ Զա­րեհ Խրա­խու­նիի գրա­կա­նու­թեան մա­սին շատ լաւ տպա­ւո­րո­ւած ի­րենց գնա­հա­տան­քը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով յայտ­նե­ցին շնոր­հա­ւո­րե­լով Լա­նա Տէր Պետ­րո­սեա­նը եւ այս ո­րա­կա­ւոր ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։