«Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն» Եւ «Օրինաց Երկիր» Կուսակցութիւնները Կը Միանան Փաշինեանի Շարժումին


ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած համաժողովրդային շարժման միանալու մասին Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլին, յայտարարութիւն տարածեցին «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն» եւ «Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնները:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վկայէ, թէ կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան կը միանայ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած շարժումին:

«Հաշուի առնելով այն, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ յայտարարեց, որ կը միանայ համաժողովրդական ընդվզումի ալիքին եւ կանգնած է ժողովուրդի կողքին. կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր կուսակիցներուն հանրապետութեան բոլոր մարզերու եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ զօրաշարժելու, դուրս գալու փողոց եւ ըլլալու ժողովուրդի կողքին: Մենք միշտ եղած ենք եւ պիտի ըլլանք մեր ազգի եւ հայրենակիցներու կողքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Մեր քաղաքացիներն ի սկզբանէ պայքարած են ոչ միայն Սերժ Սարգսեանի, այլ նաեւ գործող իշխանութեան եւ համակարգին դէմ։ Մենք եւս մէկ անգամ կը վերահաստատենք, որ եղած ենք շարժման ակունքներուն եւ պիտի ըլլանք պայքարի մասնակից՝ այնքան ժամանակ, երբ դեռ իշխանութիւնը ամբողջովին չէ վերադարձուած ժողովուրդին», յայտարարեց «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը։

«Ժառանգութիւն»ը կոչ ըրած է բոլոր կուսակցականներուն ու համակիրներուն՝ «շարունակելու պայքարը եւ աշխոյժ մասնակցութեամբ նպաստելու մեր քաղաքացիներու խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցերուն՝ սկսած արդար գործը յաղթական աւարտին հասցնելու համար»:

«Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնը նոյնպէս կոչ ըրաւ «քաղաքացիներուն՝ իրենց աշխոյժ եւ խաղաղ մասնակցութիւնը ունենալու համաժողովրդական շարժման՝ զայն հասցնելով իր տրամաբանական աւարտին»:

««Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնը, որ արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը ցուցաբերէ համաժողովրդական ընդվզումին եւ ամէնօրեայ կարգով հնչեցուած քաղաքական յայտարարութիւններով իր զօրակցութիւնն ու քաղաքական աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան՝ որպէս հանգուցալուծում առաջարկելով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը, կոչ կ՛ընէ այսօրուան իշխանութիւններուն՝ հաշուի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած նոր քաղաքական իրողութիւններ՝ ցուցաբերել խոհեմութիւն եւ ընդառաջ երթալ համաժողովրդական շարժման առաջարկներուն եւ շուտափոյթ հանգուցալուծում տալ ստեղծուած իրավիճակին՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութեան», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:ՕԵԿը իրաւապահներէն կը պահանջէ զերծ մնալ ցուցարարներու եւ շարժման մասնակիցներու նկատմամբ ուժի կիրառման որեւէ դրսեւորումէ: