«Բարեւեցէ՜ք Բոլոր Հայերուն»


Հարազատ մը


Երուսաղէմի վանք, 1925: Եղեռնէն ճողոպրած ատանացի մօր եւ սասունցի հօր զաւակ մը լոյս աշխարհ կու գար: Ծնողները նախընտրած էին Երուսաղէմ ապաւէն գտնել, որովհետեւ Քրիստոս հոն պիտի վերադառնար, երբ մեռելները յարութիւն առնէին: Երեք տարեկանին արդէն անգիր սորված էր անոնց արտասանած շարականները: Ապագայ ասմունքողը կը կազմաւորուէր այս մթնոլորտին մէջ: Երեք տարեկանին նաեւ կորսնցուցած էր հայրը:

Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանը աւարտելէ ետք Յակոբ Կիւլոյեան կեանքը ճանչնալու իրեն յատուկ հետաքրքրութեամբ շրջած էր Երուսաղէմի շուկաներուն մէջ` տեսնելու համար, թէ ի՛նչ արհեստներ կը կիրարկուէին: Սիրած էր ոսկերչութիւնը, որովհետեւ գեղեցիկ արհեստ էր, որովհետեւ գործածուած հում նիւթը ազնուական էր: Մահէն առաջ պիտի ըսէր` «Ազնիւ բարեկամութիւնը ոսկի ապարանջանի պէս օղակ-օղակ կը կազմուի եւ չի փճանար»: 1948ին Լիբանան հաստատուելէ ետք ան իր ոսկերչական ուրոյն ոճով ոչ միայն փնտռուած անուն էր նախապատերազմեան Լիբանանի ոսկերիչներու շուկային մէջ, այլ նաեւ դարձած էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայկական ներշնչումներով ստեղծագործող ոսկերիչը:

Սակայն մշակոյթով ապրող եւ շնչող, գիր ու գրականութեան սիրահարը նաեւ Երուսաղէմի վանքին զանգակատան մէջ գիշերներ լուսցնելով` բանաստեղծութիւններ անգիր սորվելու եւ ազգային տօներու առիթով արտասանելու հաճոյքը բերած էր Լիբանան: Ասմունքի քանի մը կատարումներ բաւարար էին, որ գրաւէր Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին ուշադրութիւնը եւ հրաւիրուէր մարմնաւորելու բազմաթիւ տիպարներ. ամէնէն անմոռանալին` Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերախաղին մէջ Կեանքի դեւի մահասփիւռ կերպարը, զոր սկիզբը մերժած էր կատարել, որովհետեւ կը հակասէր իր շէնշող նկարագիրին, սակայն, անոր բառերը անդնդախոր ոլորտներէ բխած նոյն ժայթքումով պիտի արտասանէր նոյնիսկ իր կեանքին վերջին օրերուն, երբ մաշեցնող հիւանդութիւնը խլած էր իր ֆիզիքական ուժը:

«Յակոբ Կիւլոյեանը ասուպային երեւոյթ էր լիբանանահայութեան մշակութային կեանքին մէջ` հանդիսանալով հայ բանաստեղծներու եւ գրագէտներու ստեղծագործութիւններու առաջին լիարժէք ասմունքողը». Վահագն Գարագաշեանի այս ցաւակցագիրը կուռ կերպով կը բնորոշէ այն տիպարը, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան 50 տարի գեղարուեստական ձեռնարկներ ապրեցուցած է հայ բանաստեղծներու շունչով եւ սերունդներ ոգեւորած է հայ գրականութեամբ:

Անոր վաստակը ամէնէն աւելի դրոշմուած է իբրեւ վիպասաց: Յանդգնութիւն որակուած են 1959ին Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին եւ 1963ին Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» քերթողագիրքին կատարումները: Իւրաքանչիւրը տեւած է աւելի քան 2,5 ժամ, կրկնուած է բազմիցս, բազմաթիւ տարիներու վրայ, եւ իւրաքանչիւր առիթ ընկալուած է իբրեւ իւրայատուկ իրադարձութիւն: Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ` աւելի քան 30 քաղաքներու մէջ բազմահազար հանդիսատեսներ հաղորդուած են հայ ազատագրական պայքարի եւ Հայոց ցեղասպանութեան այս պատումներով:

Ան «զօրեղ հաղորդականութեամբ մը կը նոյնանայ թէ՛ գործին եւ թէ՛ ունկնդիրին հետ», արձագանգած է Մինաս Թէօլէօլեան` մամուլի էջերուն մէջ:

Սակայն այս նոյնացումը Յակոբ Կիւլոյեանի քով դարձած էր կենսաձեւ:

«Մի հայ տեսնելիս ուզում էի ելած շունչս էլ հանեմ ու նրան տամ»: Խաչատուր Աբովեանի խորախորհուրդ զգացումով եւ անմիջական մտերմութեամբ կը դիմաւորէր ոչ միայն իրեն ծանօթ թէ անծանօթ հայերը, արուեստագէտները, գրագէտները, այլ նաեւ` հայ գաղթականները, տարեցները, կարիքաւորներն ու անկարները`  անսակարկ հոգածութիւն ցուցաբերելով անոնց:

Կ՛ապրէր հայ ժողովուրդի տագնապներով, արժէքներով, յաղթանակներով: Աբովեանի եւ Սեւակի պատումները իր ժողովուրդին պատումներն էին, տարագրութեան ճամբաներէն վերապրած իր մօր պատումները, իւրաքանչիւր հայու պատումը: Հետեւաբար անոնց մատուցումէն գոյացած ամբողջ հասոյթը կը յատկացնէր բարեսիրական նպատակներու:

«Տուր ինծի, Տէ՛ր, ուրախութիւն անանձնական

Զանգակներու պէս կախեմ զայն ամէն դրան»:

Մեծարենցի տողերը մաս կը կազմէին Յակոբ Կիւլոյեանի էութեան եւ դարձած էին անոր կեանքի նշանաբանը: Զայն կը հրամցնէր իւրաքանչիւր անձի, որուն կը հանդիպէր, բանաստեղծական պատկերին վարակիչ հիացումը փոխանցելով: Զայն կը կրկնէր շարականի պէս, մահը կը դիմաւորէր անոր իմաստութեամբ:

Դժուար է ըսել, թէ բանաստեղծական պատկերնե՞րը աւելի կը սիրէր, թէ՞ ինքնին գեղանկարները: Գեղարուեստի նուրբ զգացողութիւն մը զինք մղած էր կազմելու հայ գեղանկարիչներէ պաստառներու ստուար հաւաքածոյ մը: Իւրաքանչիւրին դիմաց կրնար ժամերով խորհրդածել, իւրաքանչիւրը աշխարհներ կը ծնէր իր մէջ: Չէր զլանար զանոնք կիսել իր շրջապատին հետ:

«Ինչպէ՞ս էք», սովորական հարցումին`ունէր արտասովոր պատասխան. «Գէշ ըլլալու ժամանակ չունիմ»:

Ինքն էր տէրը իր կեանքին եւ սկզբունքներուն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն սահմանագիծի վրայ տեղացող ռումբերու տարափին ենթակայ իր բնակարանը իր հայրենիքն էր, իր «Հայաստանը», ուր բնաւ չայցելեց. տունէն չհեռանալու որոշում տուած էր փաստելու համար, որ եթէ հայը վճռէ, կրնա՛յ չլքել իր տունն ու հայրենիքը:

Հայու տարօրինակ տիպար մըն էր, կամ` հարազատ տեսակը… սասունցի՛ն:

Եւ այսպէս, մինչ սահմանագիծին միւս կողմէն մարդ կ՛որսային իր բնակած թաղին մէջ եւ մաղի կը վերածէին տան պատերը, ան լայն կը բանար պատուհանները եւ երգեհոնի վրայ հայկական պատարագի կատարումը ամէնէն բարձր ձայնաստիճանի վրայ կը սփռէր դէպի Արեւմտեան Պէյրութ. «Թերեւս զինեալ մը կը լսէր եւ կը զգաստանար», «Թերեւս հայ մը կը լսէր եւ առանձին չէր զգար»…

Չէր այցելած Հայաստան, որովհետեւ «երթալէ ետք պէտք չէր վերադառնար»… չէր հանդիպած իր պաշտած Պարոյր Սեւակին, որուն «Եռաձայն պատարագ»ը կը պատրաստուէր ասմունքելու, մինչ պատերազմը «… եւ եղեւ խաւար» կ’որոտար իր շուրջ: Պարոյր Սեւակի հետ իր վերացական հզօր կապը խտացած էր բանաստեղծին իրեն ուղարկած ձայնագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` տարբեր գեղանկարիչներէ իր ապսպրած դիմանկարներուն ու «Անլռելի զանգակատան» ղօղանջող պաստառներուն, որոնք իրեն կը նայէին տան իւրաքանչիւր անկիւնէն, Երկաթէ վարագոյրին արանքէն…

Փոքր պահերու մէջ խոր հրճուանք ապրելու իր բնատուր յատկութեամբ, պատրաստ էր գնահատելու իւրաքանչիւր արժէք: Բաւ էր նորահաս ասմունքող մը տեսնէր բեմին վրայ. գուրգուրանքի ջերմ ալիք մը կը պարուրէր զինք եւ խորհուրդները իր շատ սիրած բոյսերուն  ու ծաղիկներուն գունագեղ ոճով կը սփռէր անոր դիմաց:

Կեանքէն կ՛անցնէր, իր բառերով, ապրելով «յիշատակներու վայելքին վայելքը», զգացում մը, ներշնչում մը, գեղեցիկ պահ մը լուսաւորելով պերճախօս արտայայտութիւններով:

Արդեօք կարելի՞ էր զինք լսելէ ետք վերարտադրել իր խօսքերը: Ոմանք կը նախընտրէին ձայնագրութեան գործիքով այցելութեան գալ իրեն…

«Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Պարսկաստան եւ Հայաստան իմ կողմէս բարեւեցէ՜ք բոլոր հայերուն»:

Յակոբ Կիւլոյեան հրաժեշտի իր այս ողջոյնով, իրեն յատուկ վճռակամութեամբ եւ գոհունակութեամբ հեռացաւ կեանքի բեմէն` մահուան դէմ պայքարը վերածելով 90ամեայ կեանքի իր ճանապարհը իմաստաւորող կեցուածքի, մարդկային արժանավայել վարմունքի այլ օրինակ մը կտակելով իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն: