Բարի Գալուստ Գիլօսեն


Ամիս մը առաջ «Թորոնթոհայ»ի խմբագրութիւնը հրաւէր-նամակ ուղարկեց՝ գրելու պատրաստակամութիւն ու փափաք յայտնող նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն ոմանց։ Անշուշտ յոյժ քաջալերելի է հայ երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն մասնակցութիւն բերելը մեր թերթի գրական բաժնին։ Այսուհետեւ` յարմար նկատուած գրութիւնները յաջորդաբար պիտի հրատարակենք՝ «Յայտնաբերենք մեր Գրական Տաղանդները » գրական բաժնին մէջ։

Առաջին գրութիւնը՝ «Բարի Գալուստ Գիլօսեն» վերնագիրով հեքիաթ մըն է, գրուած՝ Անուշ Յարութիւնեանի գրիչով։

Նոր գրութիւններու ակնկալիքով` հաճելի ընթերցանութիւն կը մաղթենք բոլորիդ։

 

«Բարի Գալուստ Գիլօսեն»

Ժամանակին Կինազ կոչուող հեռաւոր թագաւորութեան մը մէջ կ’ապրէին բոլոր տեսակներու հեքիաթային արարածներ։ Հոն կային փոքր փերիներէ մինչեւ ահարկու վիշապներ։ Կինազ գտնուող իւրաքանչիւր արարած իր տեսակին համեմատ գոյն մը ունէր՝ փերիները վարդագոյն թեւեր, թզուկները կապոյտ մազեր, իսկ վիշապները կարմիր իրաններ։

Սիրուշ անունով փերի մը կը բնակէր Կինազի մէջ ։ Կինազցիները զինքը չէին սիրեր ու չէին յարգեր, որովհետեւ Սիրուշ ծնած էր կապոյտ ու կարմիր թեւերով։ Ազգակիցները Սիրուշին կը ծաղրէին եւ միշտ կ’ըսէին, թէ ան խայտառակութիւն մըն էր։

Գիշեր մը, այդ խօսքերէն հոգին ալեկոծած, Սիրուշ դուրս կ’ելլէ տունէն, լուսնին կը նայի ու յանկարծ գաղափար մը կը ծագի մտքին մէջ եւ կը մտածէ, որ արդէն Կինազի մէջ մէկը զինք չի սիրեր, ուրեմն ի՞նչ վնաս պիտի ունենայ իր հեռանալը։

Ան վստահ էր, որ ոչ ոք պիտի նկատէր իր բացակայութիւնը, իսկ եթէ նոյնիսկ նկատէին՝ ուրախ պիտի ըլլային անոնք։ Հետեւաբար, արցունքոտ աչքերով, Սիրուշ Կինազէն փախաւ այդ գիշեր։ Մութ էր։ Սիրուշ երբեք Կինազէն դուրս գտնուող անտառը գիշերով չէր մտած։ Վախցած, զգուշութեամբ կը թռչէր անտառին մէջ։ Երբ բաց դաշտ մը հասաւ՝ «Լա՛ւ, կարծեմ հոս պիտի գիշերեմ», մտածեց Սիրուշ, բայց երբ իր ոտքը գետին դպաւ, գետինը փլաւ ու Սիրուշ վար ինկաւ։ Փորձեց վեր բարձրանալ, բայց վրան քար մը ինկաւ ու զինք աւելի վար տարաւ։ Ժամանակ մը իյնալէ ետք, Սիրուշ վերջապէս հասաւ մութ տեղ մը։ Փորձեց ետ վեր բարձրանալ, բայց թեւը կոտրած էր։

Երբ Սիրուշին աչքերը վարժուեցան մթութեան, ան տեսաւ, որ նեղ միջանցք մը բացուած էր իր առջեւ։ Տատամսելով սկսաւ միջանցքէն քալել։ Քալե՜ց ու քալե՜ց, յանկարծ երեք հատ դուռ տեսաւ։ Ձախ կողմի դուռը կլորակ էր ու ապակեայ, որուն մէջէն կանաչի բոլո՜ր երանգները կը շողային։ Երկրորդ դուռը վեցանկիւնանի վարդագոյն էր, ոսկեայ շրջանակով։ Վերջին դուռը եռանկիւն էր ու մէջէն կ’արտահոսէին բոլոր գոյները։

-Ո՞ր մէկը զատեմ, -մտածեց Սիրուշ։ Չկարենալով որոշել, աչքերը գոցեց, քանի մը անգամ դարձաւ ու կեցաւ։ Մտիկ ըրաւ իր սրտին, ու անոր հետեւելով անցաւ եռանկիւն դռնէն։ Երբ աչքերը բացաւ, ուռենիներու անչափաւոր ճիւղեր իր դէմը կը գոցէին, բայց ճիւղերուն փոքր ճեղքերէն արեւի ճառագայթներ դէմքին վրայ շողացին։ Յոյսով լեցուած, արագ֊-արագ ճիւղերը ետ քաշեց, ու քիչ չանցած ինքզինք գտաւ գոյնզգոյն ծաղիկներով պատուած բլուրի մը գլխուն։ Ճիշդ այդ պահուն հսկայ շուք մը ծածկեց  արեւը։

-Բարի եկար, Սիրո՛ւշ, -ըսաւ արեւը ծածկող էակը։

-Ո՞վ ես դուն, – հարցուց Սիրուշ շուարած- Ինչպէ՞ս անունս գիտես։

-Ես Նալլան եմ, – պատասխանեց էակը, Սիրուշին դիմաց վայրէջք կատարելով։

Սիրուշ, ապշած, ըսելիքը չգիտցաւ։ Իր դիմաց կեցած էր արծաթագոյն ու կապոյտ վիշապ մը։

-Դո՛ւն, դո՛ւն, դո՛ւն գոյնզգոյն ես։ Միայն կարմի՛ր վիշապներ կան, – կակազեց Սիրուշ։

-Ո՜հ, ո՛չ,- խնդաց Նալլան, -Գոյնզգոյն, եւ տակաւին շա՜տ ուրիշներ ալ կան մեզի պէս։

-Բայց ինչպէ՞ս, չէ որ դարեր առաջ կինազցիները բոլոր գոյնզգոյն արարածները ոչնչացուցին,- զարմացած աւելցուց Սիրուշ։

– Այո՛, ճիշդ է որ շատերը ջարդեցին, բայց մենք կրցանք ազատիլ ու հոս, այս դրախտին մէջ ապաստանեցանք։ Մեզ, մեր քաղաքներուն բնակիչները չընդունեցին, -ըսաւ Նալլան։

-Ճի՛շդ ինծի պէս,- նեղուած ըսաւ Սիրուշ։

-Այո՛, ճիշդ քեզի պէս։ Դուն Կինազի մէջ որախ չէիր, որովհետեւ դուն քեզի նմանող էակները չէիր գտած։ Երբ մէկը իր նմանները կը գտնէ, իրենց հետ կրնայ խօսակցիլ, կիսուիլ. զիրենք կրնայ սիրել, ու վերջապէս ուրիշները ուրախ պահելու համար ինքն իր իրական ինքնութիւնը չի թաքցներ։ Կինազի մէջ դուն ազատ չէիր ու  հասարակութիւնը քեզ անտաշ կը համարէր, բայց հիմա քեզի համար ամէն ինչ պիտի փոխուի, որովհետեւ  դուն մեզ գտար։ Գիտե՞ս, միայն ամենէն խիզախները մեզ կը գտնէն։ Մենք քու նոր ընտանիքդ ենք, անշուշտ եթէ ուզես։ Հոս, բոլորս ալ գունաւոր ենք եւ բոլորս ալ իւրահատուկ ենք։ Ի՞նչ կ’ըսես Սիրուշ, կը մնաս մեզի հետ, -հարցուց Նալլան։

Սիրուշ ուրախութեան արցունքով լեցուած աչքերը սրբեց ու գլուխը վեր-վար շարժելով՝ «Այո՛, այո՛», կրկնեց։

-Ուրեմն տե՛ս, Սիրո՛ւշ, – ըսաւ Նալլան ու գլուխը դարձնելով ցոյց տուաւ բլուրէն վար գտնուող ամբո՜ղջ գեղեցկութիւնը եւ ուրախութեամբ աւելցուցուց՝ «Բարի Գալուստ Գիլօսեն»։