Բացուեցաւ “Սարեանը եւ Ֆրանսան” Խորագիրով Ցուցահանդէսը


ԵՐԵՒԱՆ,- ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներու շարքին՝ Սեպտեմբեր 19ին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է վարպետին Փարիզ ապրած ժամանակաշրջանի ստեղծագործութիւններուն։

Միջոցառումին ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին, այլ դեսպաններ, մշակութային գործիչներ եւ  հիւրեր:

Բացման հանդիսութեան ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց ըսաւ․ «Ցուցահանդէսը մեզի` բոլորիս, եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ծանօթանալու սարեանական խոր աշխարհընկալման»:

1926-1928 թուականներուն վարպետը ապրած եւ ստեղծագործած է Փարիզի մէջ։ Այդ շրջանը կարեւոր եւ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցած է նկարիչին արուեստի յետագայ զարգացման վրայ։

Սարեան Փարիզ ապրած շրջանին ստեղծած է 40 նկարներ։ Շարլ-Օգուստ Ժերար պատկերասրահին մէջ կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսը։ Բայց, դժբախտաբար, Փարիզէն Հայաստան վերադարձի ճանապարհին անոր՝ մօտ 30 նկարները այրուած են  ֆրանսական նաւատորմին պատկանող «Ֆրիժի» նաւուն վրայ բռնկած հրդեհին պատճառով։ Պարիզեան շրջանի ստեղծագործութիւններէն պահպանուած է միայն հինգ կտաւներ, որոնք վաճառած կամ նուիրած է իր մտերիմներուն։ Բարեբախտաբար վարպետը կտաւներուն լուսանկարներն ու գծագրութիւնները իր հետ ունեցած է եւ բերած Երեւան։

«Կովկասեան քաղաքի փողոց (Թիֆլիս)»

Կազմակերպուող ցուցահանդէսը նպատակ ունի ներկայացնելու պահպանուած եւ մեզի հասած Սարեանի Փարիզեան ստեղծագործութիւնները։ Առաջին անգամ Հայաստան բերուած է «Գազելներ» կտաւը՝ Թրեթեաքովեան պատկերասրահի հաւաքածոյէն եւ «Կովկասեան քաղաքի փողոց (Թիֆլիս)» կտաւը, որ այրուած կը համարուէր։ Այժմ կտաւը կը գտնուի անհատական հաւաքախուի մէջ եւ ցուցահանդէսին սիրայօժար տրամադրած է ռուսահայ գործարար եւ արուեստասէր Արթուր Դանիէլեանը։

Ներկայացուած են նաեւ երկու կտաւներ  Հայաստանի ազգային պատկերասրի հաւաքածոյէն, ինչպէս նաեւ Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Սարեանի ընտանիքին պատկանող հաւաքածոյէն։

«Գազելներ»

Սարեանի ստեղծագործութիւններու Փարիզեան շրջանի ստեղծագործութիւններու՝ նման ցուցահանդէս առաջին անգամ կը կազմակերպուի ։

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 14: