Յունիս 12-ին գանատահայ աշխարհահռչակ օփերայի երգչուհի, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» օփերայի թատրոնի մենակատար Իզապել Պայրաքտարեան այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն:
Ընդունելով հիւրը` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց երգչուհիին ձեռքբերումներն ու ներդրումը համաշխարհային օփերայի երգարուեստին մէջ: Նախարարը կարեւոր համարեց Իզապելին` հայ ազգային ինքնութեան ու արմատներուն հաւատարիմ մնալուն, հայ հոգեւոր, կոմիտասեան մեղեդիները աշխարհի հռչակաւոր բեմերու վրայ հնչեցնելուն ուղղուած ջանքերը:
«Դուք ծնած էք Լիբանան, տեղափոխուած Գանատա, կրթութիւն ստացած էք այնտեղ եւ աստուածատուր ձեր ձայնով անմիջապէս հիացուցած գանատացի հանդիսատեսին: Արժանացած էք Տոմինկոյի վոքալիստներու մրցոյթի առաջին մրցանակին, Մեծ Բրիտանիոյ թագուհիի Ոսկէ մետալին, ձեր ձայնասկաւառակը Գանատայի մէջ ճանչցուած է լաւագոյնը, կը համագործակցիք աշխարհի լաւագոյն ֆիլհարմոնիկ նուագախումբերու հետ եւ այս ամբողջ ճանապարհին պահպանած էք ձեր հայկական ազգանունը` Պայրաքտարեան: Աշխարհի մէջ շատերը ձեզմով կը ճանչնան հայ ժողովուրդը, հայկական մշակոյթը, իմացած են Հայաստանի մասին: Ուրախ եմ, որ ձեր զաւակները նոյնպէս կը դաստիարակէք հայեցի», ընդգծած է Սփիւռքի նախարարը:
Նախարարը նշած է, որ իր ամբողջ զբաղուածութեան հետ մէկտեղ երգչուհին սիրով ընդունած է Հայրենիքի մէջ հանդէս գալու առաջարկները եւ Հայաստան կատարած այցելութիւններու ժամանակ հանդէս եկած է հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ:
«Այժմ ան կրկին Հայրենիքի մէջ է, Արամ Խաչատրեանի անուան 13րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի ժիւրիի կազմին մէջ: Ես սիրով զինք հրաւիրեցի` մասնակցելու այս տարուան Սեպտեմբերին կայանալիք Հայաստան-սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան», նշած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ իր գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրում ունենալու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Իզապել Պայրաքտարեանը պարգեւատրած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Աշխարհահռչակ երգչուհին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ պարգեւը իրեն համար հաճելի անակնկալ է եւ պատիւ: «Սփիւռքի որ համայնքի մէջ ալ եղած եմ, անպայման այցելած եմ հայկական եկեղեցիներ եւ կատարած հայ հոգեւոր երգեր: Իմ ինքնութիւնս ինծի համար շատ կարեւոր է: Իրաւացիօրէն նշեց տիկին նախարարը` բեմական կեանքիս տարբեր ժամանակաշրջաններուն մէջ դժուարութեամբ կարդցած եւ արտասանած են ազգանունս, սակայն այդ փաստը զիս չէ խանգարած, եւ ես չեմ փոխած զայն, – նշած է երգչուհին` աւելցնելով, – բեմի վրայ իմ հոգիս կ՛երգէ, հայու հոգին»:
Այնուհետեւ երգչուհին պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն յուզող հարցերուն եւ կատարած Կոմիտասի օրօրօրոցայինը: