Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Պարգեւարտուած Է Փարիզի Մէջ


«Փարիզ»․- Փետրուար 8ի երեկոյեան, Փարիզի  մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի՝ CCAFի 4րդ տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, ինչպէս նաեւ պետական, շրջանային եւ ընդհանրապէս քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ծանօթ լրագրողներ, արուեստագէտներ…

Վալերի Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան շքանշան յանձնեցին այս առթիւ Սուրիայէն հրաւիրուած Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Անոր միջոցով CCAF ուզած էր համայն Հալէպի Հայութիւնը պատուել: Ցուցադրուեցաւ այդ համայնքի ապրած դժուարութիւններուն եւ վերականգնումի ճիգերուն նուիրուած կարճ տեսանիւթ մըն ալ, որմէ ետք ֆրանսերէնով ելոյթ ունեցաւ առաջնորդը: Ան իր խօսքը ձօնեց “իւրաքանչիւր Սուրիահայու, այդ բարբարոսութեան անմեղ զոհերուն եւ տառապող վիրաւորներուն, բայց նաեւ հայ համայնքի դերակատարներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով՝ շարունակեցին իրենց կրթական, մարդասիրական, մշակութային կամ քաղաքական գործունէութիւնը. մեր երիտասարդներուն, որոնք անապահովութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ՝ տիւ եւ գիշեր պաշտպանեցին մեր թաղամասերը”։ Հալէպի առաջնորդին ցնցիչ ճառը արժանացաւ յոտնկայս ծափարահարութեան։