«Բերքի Տօն»ին Արցախիներու Աճեցուցած Արեւադարձային Միրգերը Զարմացուցած են Այցելուները


«Արցախփրես»․-  Հոկտեմբեր 14ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան նուիրուած, կազմակերպուած է «Բերքի տօն»:

Տօնավաճառին Արցախի բոլոր շրջանները եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ գործող շարք մը ընկերութիւններ ներկայացուցած եւ վաճառքի հանած են իրենց արտադրանքը:

Բերքն ու բարիքը օրհնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք․ Մարտիրոսեան:

Այնուհետեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ շրջած է տաղաւարներ, ծանօթացած ներկայացուած գիւղատնտեսական մթերքներուն եւ արտադրատեսակներուն:

Արցախի գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վիլեն Աւետիսեան ըսած է, որ տօնավաճառը 8րդ անգամն է՝ կը կազմակերպուի:

«Այս տօնակատարութիւնը նախորդներէն կը տարբերի անով, որ այս անգամ մասնակիցներուն թիւը շատ աւելի է: Այս տարի ներկայացուած է 1000էն աւելի մասնակից` նախորդ տարուան 850ի փոխարէն:

«Տօնավաճառի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ հետաքրքրական մրցոյթներ անակնկալներ` «Լաւագոյն շրջան», «Լաւագոյն վերամշակող կազմակերպութիւն», «Լաւագոյն մշակութային կատարում» եւ «Ամենացած գին» անուանակարգերով: Այդ նպատակով ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, որոնք կ՛արձանագրեն նախապէս համարակալուած բոլոր տաղաւարներու գիները: Ամենացած գիներ առաջարկող երեք տաղաւարներ կ՛արժանան թանկարժէք նուէրներու», յայտնած է Աւետիսեան:

Մարտունիի շրջանի ղեկավարի տեղակալ Էդուարդ Բարսեղեանն ըսած է, որ շրջանի 35 համայնքներ (գիւղեր) ներկայացուած են 28 տաղաւարով:

«Նախորդ տարուան համեմատ` այս տարի Մարտունիի շրջանէն մասնակցողներուն թիւը աւելցած է, իսկ իրենց բերքն ու բարիքը կը վաճառեն շուկայի գինէն աւելի ցած: Գիւղատնտեսական տարին բարենպաստ էր, այդ իսկ պատճառով նպաստած է, որ շրջանը այսօր ներկայանայ առատ բերք ու բարիքով, որ իւրայատուկ է մեր բնակլիմայական պայմաններուն: Փառատօնը շատ արդիւնաւէտ հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կու տայ գիւղացիին եւ արտադրողին վաճառելու իր բերքը: Ժողովուրդին կողմէ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ինչ որ տարիէ տարի փառատօնը կը վերածուի ազգային համախմբութեան», ըսած է Բարսեղեան:

Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիքի գիւղապետ Լեւոն Մովսիսեան նշած է, որ այս տարի եւս ներկայացուցած են մերձարեւադարձային միրգերէն քիուի, քիւանոն եւ ֆիզալիսը (cape gooseberry).

«Ատոնք ամենամեայ բոյսեր են, որոնք կ՛աճեցնենք մեր գիւղին մէջ: Սերմերը բերած ենք դուրսէն:Անցեալ տարուան համեմատ` այս տարի աւելի շատ պատուերները ունինք: Տաղաւարին մէջ ներկայացուցած ենք նաեւ սերկեւիլ, նուռ, արքայանարինջ, տանձի քանի մը տեսակ եւ այլ մթերքներ», աւելցուցած է Մովսիսեան:

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամ Գոռ Բալասանեան նշած է, որ երրորդ տարին է, որ կը մասնակցին «Բերքի տօն»ին: «Ներկայացուցած ենք մեր երիտասարդ գիւղատնտեսներու եւ մենատնտեսներու արտադրանքը: Տօնի շնորհիւ երիտասարդ գիւղատնտեսները կը ծանօթանան հաճախորդներու հետ եւ հնարաւորութիւն կ՛ունենան իրենց բերքը վաճառելու: Տաղաւարին մէջ կայ հինգ տեսակ գինի, երեք տեսակ օղի, խոզի միս, խնձոր, նուռ եւ դդում: Գիները իջեցուցած ենք մօտ 10 տոկոսով», ըսած է ան:

Բացի շրջաններու գիւղական բերք ու բարիքէն, տեղական արտադրութեան մթերքներու ցուցադրութենէն, փառատօնին ներկայացած են երգի պարի բազմաթիւ խումբեր, ինչպէս  «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը, Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, Արցախի պարի պետական համոյթը, «Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը եւ «Մանկական Եւրատեսիլ 2018» երաժշտական մրցոյթի Հայաստանը ներկայացնող փոքրիկ արցախցի L.E.V.O.Nը: