Բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին Շնորհուած է Ազգային Հերոսի Բարձրագոյն Կոչում


Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում` բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար: 

«Հայրենիքի շքանշան»ը կը յանձնուի երկրի պաշտպանութեան,  իրաւակարգի ամրապնդման բնագաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային նշանակալի արժէքներու ստեղծման գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մատուցած համազգային նշանակութիւն ունեցող բացառիկ ծառայութիւններուն համար: «Հայրենիքի շքանշան»ով պարգեւատրուած անձը կը նկատուի Հայաստանի ազգային հերոս:

««Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասին, առողջապահութեան զարգացման գործում Հայաստանի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւնների, սրտի բարդ վիրահատութիւններ իրականացնող նորարարական բժշկական կեդրոն ստեղծելու եւ մեծաթիւ նոր մասնագէտներ պատրաստելու, բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար որոշուել է բժիշկ Հրայր Սահակի Յովակիմեանին պարգեւատրել Հայրենիք շքանշանով», ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Տարեսկզբին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան խնդրած էր վարչապետէն՝ նախագահին առաջարկել բժիշկ Յովակիմեանին Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրելու համար:

Յակոբ (Հրայր) Հովակիմեան առաջին բժիշկ Ազգային հերոսն է եւ 19-րդ անձը, որ արժանացած է այդ բարձրագոյն կոչման: