Բնութիւնը Մեծ Ընկերութեանց Դրամագլուխէն Աւելի Սուղ Է


Նաթան Պետրոսեան


Նոր-ազատականութեան բազմաթիւ բացասական երեւոյթներէն մէկն է կլիմայական փոփոխութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ու կը զարգանայ մեծ ընկերութիւններու ներդրումային ծրագիրներուն պատճառով, որոնք անարգանք կը ցուցաբերեն բնական միջավայրին եւ անոր անբաժանելի մասը եղող բնակչութեան նկատմամբ, ապա նաեւ պատճառ կը դառնան մահացու հիւանդութիւններու տարածման:

Ըստ նոր-ազատականներուն (որոնք կը պաշտեն ազատ-շուկայական տնտեսութեան համակարգը), ինչ որ շուկային շահ կը բերէ, լաւ է, անկախ անոր բացասական ազդեցութենէն` ընկերութեան կամ կենսոլորտին վրայ:

Անոնք (նոր-ազատականները) կը հերքեն կլիմայական փոփոխութեան փաստը. փաստ մը, որ չ՛ուզեր գիտնականներու հետազօտութիւններ կամ վերլուծումներ, այլ կը բաւէ, որ դիտենք ողողումները, անձրեւի տեղումներուն նուազումը, ջերմաստիճանի բարձրացումը եւ հիւսիսային բեւեռին վրայ սառցահալը:

Միջազգային գետնի վրայ հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքով զբաղող մեծ ընկերութեանց դէմ դժգոհութիւնները արգելք չեն ըլլար անոնց փորձերուն, որպէսզի աւերեն  հայկական հողը:

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ուշի ուշով ընկերային ցանցերու վրայ կը հետեւէինք Ամուլսարի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: «Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը (որ կը պատկանի «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»ին), միշտ ալ փորձած է շահագործել Ամուլսարի բնական վայրը` ոսկիի հանքարդիւնաբերութեան նպատակով:

«Լիտիան ինթըրնեշընըլ»ի համաշխարհայնացած շուկայական լայնածաւալութիւնը յստակ է. ընկերութեան բաժնետէրեր կամ ֆինանսական աջակիցներ են Միջազգային ֆինանսական ընկերակցութիւնը, Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը եւ այլ ընկերութիւններ ու անհատներ, որոնք մաս կը կազմեն հայաստանեան դրամատնային մարզին:

Ամուլսարը ծովուն մակերեւոյթէն 2987 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող տեսարժան վայր մըն է, ուր ամէն ոք, որ կ՛երթայ, մաքուր օդ կը շնչէ: Դժբախտաբար մեծ ընկերութիւնները մարդիկը պիտի զրկեն օդ շնչելու իրաւունքէն:

Երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ Ամուլսարի գեղեցիկ բնութեան հետ, երբ սկսի հանքարդիւնաբերութիւնը: Երեւակայեցէք այդ կանաչ տարածքը, որ ամբողջութեամբ պիտի անապատանայ: Երեւակայեցէք կենսոլորտի, հողի ապականութիւնը եւ հանքային թթուի հոսումը` քիմիական աւերիչ նիւթերով: Երեւակայեցէք պահ մը, որ Արփա, Դարբ ու Որոտան գետերը աղտոտին եւ տարածքի բնական միջավայրը փճանայ:

Այս բոլորն ալ մեծ ընկերութեանց վերջին հոգն են: Անոնք միայն կը մտածեն, թէ որքա՛ն իրենց դրամագլուխը պիտի աճի` առանց մտածելու, թէ գիւղացիները ինչպիսի՛ բնութեան մէջ պիտի ապրին:

Մէկ կողմէ ալ շատ հետաքրքրական է, որ ժողովուրդին մէջ կայ հանքարդիւնաբերութեան աղէտներուն գիտակցութիւնը: Աւելի հետաքրքրական է հասարակութեան անդրադարձը Ամուլսարի նիւթին եւ անոր մերժումը` բնութեան պաշարներու օգտագործման որեւէ փորձի:

Քաջալերական է, որ բնապահպանական պայքարը` ընդդէմ մեծ ընկերութեանց շահագործման, նաեւ փոխադրուեցաւ այլ կարեւոր դաշտ մը` ընկերային ցանցեր, ուր շատեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամուլսարի դատին` #SaveAmulsar հեշթեկը օգտագործելով:

Զօրակցութի՛ւն հայրենի հողին վրայ բնական պաշարներու օգտագործումը մերժող գործիչներուն, որոնք ունեցան այն գիտակցութիւնը, որ բնութիւնը մեծ ընկերութեանց դրամագլուխէն աւելի սուղ է: