“Բուն Բարեկենդան” Ձեռնարկին Փոքրիկները Հաճելի եւ Ուրախ Պահեր Ապրեցան


“Բուն Բարեկենդան” ձեռնարկէն պատկեր մը

Նուշիկ ՓափազեանՄելքոնեան

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Թորոնթոյի«Ռուբինա» մասնաճիւղին՝ Փետրուար 21-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5։30-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Բուն Բարեկենդանին նուիրուած «Փոքրերու յայտագիր» ձեռնարկը։

Այս գեղեցիկ տօնախմբութիւնը ընդունեց մօտ 220 փոքրեր եւ ծնողներ, որոնք զարդարուած եւ ծպտուած էին գոյնզգոյն հագուստներով եւ դիմակներով։ Անոնք ժպտերես եւ շատ ուրախ տրամադրութեամբ մուտք գործեցին՝ ամէն մանրամասնութեամբ Բարեկենդան բուրող սրահը, ուր հիւրասիրուեցան տեսակաւոր ուտելիքներով եւ ըմպելիքներով, որոնք պատրաստուած էր յանձնախումբիս անդամներուն կողմէ։

Ընկերուհիներու պատրաստած յատուկ յատագիրը մեծ ընդունելութիւն գտաւ փոքրիկներուն եւ անոնց ծնողներուն կողմէ։ Անոնք հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցուցին D.J Քրիստին պատրաստած յատուկ երգերով, մեր շատ սիրելի «Ծաղրածու»ին ներկայացումով, իւրաքանչիւր փոքրիկին յատուկ պատրաստուած փուչիկներով, ձեռային աշխատանքներով եւ զանազան խաղերով։

Բարեկենդանը, սիրելիներ, ինչպէս գիտենք ուրախութեան եւ զուարճանքի օր է, ան ամենասպասուած ժողովրդական տօներէն մէկն է։ Այդ օրը կը պատրաստուին ճոխ սեղաններ՝ նախապատուութիւնը տալով մսեղէնին, իւղոտ կերակուրներուն եւ կաթնեղէնին։ Ժամանակին նաեւ «Ազատութեան Օր» կը կոչուէր, այսինքն՝ այդ օրը վանքերէն Աբեղաները ազատ կը մնային Վանական խիստ կեանքի օրէնքներէն, որ կը կոչուէր «Աբեղաթող»։

Եկեղեցւոյ խորանին վարագույրը կը փակուի մինչեւ Քառասնօրեայ Պահքի աւարտը, եբր կը մօտենանք Գարնան …նոր կեանք բնութեան մէջ, նոր յոյսեր, նոր ծրագիրներ եւ վերջապէս Ծաղկազարդ մեր Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Պահենք, սիրելիներ, մեր Հայկական աննման եւ հարուստ աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները, անոնցմով լուսաւորենք ապագայ սերունդին ճանապարհը։

Անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ «Բուն բարեկենդան» տարեկան միջոցառման։

Մինչ այդ մնաք բարով , կեանքով լեցուն եւ առողջ։

“Բուն Բարեկենդան” ձեռնարկէն պատկերներ