Բռնցքամարտիկ Յովհաննէս Պաչքով` Եւրոպայի Ախոյեան


«Արմենփրես»․- Բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, Ողիմպիական խաղերու մասնակից Յովհաննէս Պաչքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալակիր:

Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան 64 քկ․ դասակարգի եզրափակիչին Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով կը մրցէր անգլիացի Լիւք Մքքորմակի հետ: Հայ բռնցքամարտիկը յաղթեց 5:0 հաշիւով:

Յովհաննէս Պաչքով 24 տարեկան է: Ծնունդով գիւմրեցի է: Մասնակցած է Ռիօ տէ Ժաներոյի 31րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն:

Բռնցքամարտով կը զբաղի 7 տարեկանէն: