Գագիկ Ծառուկեան Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Հարցով Հանդիպեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ


Նոյեմբեր 16ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ:

Ծառուկեան յատուկ կերպով եկած էր վեհափառ հայրապետին պարզելու Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ստանալու կաթողիկոսին պատկերացումը այս ուղղութեամբ: Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Գ. Ծառուկեանի հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եւ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Սեւակ Յակոբեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Սուրիոյ պետական երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Գագիկ Ծառուկեանի Հայաստանի մէջ կատարած բարեսիրական ծառայութիւնները եւ իր նուիրատուութիւններով եկեղեցիներու կառուցման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անցնող տարուան ընթացքին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան յատկացուցած իր կէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Ծառուկեան պատրաստ է շարունակելու իր նիւթական օժանդակութիւնը Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ ընդհանրապէս վերականգնումի աշխատանքներուն:

Ծառուկեան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու իր աջակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան:

Վեհափառ հայրապետը, ամփոփելով ներկաներուն տեսակէտները, նշեց հետեւեալները.

ա. Սուրիոյ տագնապին առաջին իսկ օրէն, մեր որդեգրած ազգային քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը. մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք անիկա ընդունեց մեր ժողովուրդին զաւակները. Սուրիոյ ծաղկման աշխատանքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր համայնքը եւ պիտի շարունակէ նոյն յանձնառութեամբ. առաւելագոյն չափով մեր ժողովուրդը հեռու պէտք է պահել ներքին կռիւներէ, մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը պէտք է ամրապնդել եւ մեր կարելին ընել օժանդակելու Սուրիոյ մեր համայնքի կազմակերպ պահպանման:

բ. Մենք նաեւ յստակ կերպով շեշտեցինք, որ Սուրիոյ հայ համայնքի պահպանումը ամէ՛ն իմաստով հրամայական է. սակայն անոնք, որոնք իրենց կամքով կը հեռանան Սուրիայէն, մէկ ու յստակ հասցէ պէտք է ունենան՝ Հայաստան:

գ. Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան իբրեւ գործնական արտայայտութիւն Անթիլիասի մէջ հիմնադրամ մը հաստատեցինք եւ կո՛չ ուղղեցինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի օգտակար հանդիսանան մեր աշխատանքներուն: Անթիլիաս փոխանցուած գումարները հանգրուանային կերպով փոխանցեցինք Հալէպ՝ մեր համայնքին ամբողջականութիւնը ներկայացնող Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին, որպէսզի անիկա համայնքի կարիքներուն համաձայն եւ իր հայեցողութեամբ օգտակար ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ աւելցուց, որ անցնող տարիներուն Հայաստանի պետութիւնը եւս զանազան առիթներով, թէ՛ Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայութեան եւ թէ Հայաստան ներգաղթած ընտանիքներուն իր օժանդակութիւնը կատարեց:

Անդրադառնալով Գագիկ Ծառուկեանի փափաքին՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ մեր սպասումն է, որ յատուկ յանձնախումբ մը տնօրինէ անոր կողմէ հիմնուելիք հիմնադրամի յատկացումները՝ ուղղուած միաժամանակ թէ՛ Սուրիոյ մէջ ապրող եւ թէ Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ հաստատուած սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: