Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Խօսք Առ Մրցանակին Գանատայէն Արժանացան 9 Հոգի


“Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձանը Մատանադարանին առջեւ, Երեւան 

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանէն 7-ը հոգի մրցանակ ստացան

ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ -Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը հրապարակած է Խօսք Առ մրցանակին արդիւնքները:

Ծրագրին մասնակցած են 18 երկիրներէ 165 դիմորդներ, որոնցմէ 7 հոգիէ բաղկացած յատուկ յանձնախումբը մրցանակի արժանացուցած է 60-ը (25-ը Հայաստանէն եւ 35-ը Սփիւռքէն)։

Սփիւռքէն 35 մրցանակակիրներուն մեծամասնութիւնը՝ 27 հոգին, Գանատայէն են, որոնց մեծ մասը ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներն են։

Թորոնթոյէն մրցանակի արժանացած են՝ Ռուբէն Ճանպազեան «Փշրել խոչընդոտողներ, պայքարիլ կարծրատիպներու դէմ. աղջկանց հզօրացում՝ (արեւմտա)հայերէն պաստառներու միջոցով» պաստառներու շարքով, իսկ Բէկի Աւընեան՝  “Մեր երրորդ յարկի պատշգամը” գրութեամբ։

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի մրցանակակիր 7-ը աշակերտներն են՝ Սառա Պայրագտարեան, որ մասնակցած է «Կլիմայի Փոփոխութիւնները» ստեղծագործութեամբ, Ռազﬕկ Քապապէճեան՝ «Համաշխարհային Տգէտութիւն», Քարոլին Շահվէրտեան՝ «Կենդանիներու Չարչարանք», Անուշ Արթունեան՝ «Բռնութիւն», Զարեհ Մարգարեան՝ «Ցեղային Անարդարութիւն Եւ Հայութեան Պատասխանատուութիւնը», Լոռի Պէրպէրեան՝ «Մարդկութեան Դէմ Անպատիժ Մնացած Ոճիրներ», Վարագ Մեսրոպեան՝ «Ըտրէ» տեսաերիզով:

Նշեալ ծրագրին նպատակն էր աշխարհասփիւռ հայախօսները մղել, որպէսզի հայերէնով ներկայացնեն մարդկութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերուն մասին պատմող ստեղծագործութիւններ տարբեր ժանրերու մէջ՝ շարժանկար ու շարանկար, երգ ու երգիծանք, ծաղրանկար, բանաստեղծութիւն, արձակ, տեսահոլովակ եւ այլն։

«Յատկապէս ուրախ ենք, որ մեծ քանակով երիտասարդներ դիմեցին Խօսք Առ մրցանակին՝ ստեղծագործ աշխատանքներով ․․․։ Մեծ ուրախութիւն է նաեւ տեսնել, թէ այս մրցանակին շնորհիւ կը գոյանայ հայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը. հայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ միտքեր կը սկսին փնտռել իրենց նմանները եւ կը փափաքին, կապ հաստատելով, կորիզ մը կազմել», նշուած է Հիմնարկութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։