Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Ժողովրդապետը Եւ Անոր Հայրը Սպաննուած են Ահաբեկիչներու Կողմէ


Տէր Յովսէփ Քհնյ.Պետոյեան

“Գանձասար”,- Հայ Կաթողիկէ Համայնքէն կը տեղեկացնեն, թէ Նոյեմբեր 11-ի առաւօտեան, Գամիշլիի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ.Պետոյեան եւ իր հայրը Հաննա Պետոյեան, Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակը ստուգելու համար, երբ անձնական ինքնաշարժով կը մեկնէին Տէր Զօր, անյայտ անձիք կրակ բացած են անոնց ինքնաշարժին վրայ։

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետին հայրը տեղւոյն վրայ նահատակուած է, իսկ ժողովրդապետը՝ վայրկեաններ անց: Անոնց ընկերակցող Հասիչէի եկեղեցւոյ սարկաւագ Ֆատի Սանօ վիրաւորուած է:

Աւելի ուշ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է Տէր Յովսէփին եւ անոր հօր սպանութեան պատասխանատուութիւնը: