Գանատահայոց Թեմի 36-րդ Պատգամաւորական Ժողով Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան Թեմի Առաջնորդ Վերընտրուած


Գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 36-րդ ­ժո­ղո­վի մասնակիցները:

Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան


Գա­նա­տա­հա­յոց թե­մի հիմ­նադ­րու­թեան 3 ա­մեա­կի (1984-2019) զու­գա­դի­պող թե­մի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 36-րդ ­ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Օթ­թաո­ւա­յի մէջ, 24-25 Մա­յիս 2019-ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ` Աբ­գար Եպս. Յո­վա­կի­մեա­նի եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ` Ս. Մես­րոպ Հայց. Ա­ռաք. ե­կե­ղեց­ւոյ: Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 24-ին. նոյն ե­րե­կոյ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին նիս­տը, մաս­նակ­ցու­թեամբ թե­միս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ ու­թը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու. ներ­կայ էին նաեւ Ա­ռաջ­նոր­դի թեկ­նա­ծու­ներ Ս. Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Ներ­սեհ վրդ. Խա­լա­թեան եւ Ի­սա­հակ վրդ. Պօ­ղո­սեան:

Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ժան Ֆի­լիփ Թաշ­ճեան, ա­տե­նադ­պիր­ներ` Միւ­ռոն Քհնյ. Սար­գի­սեան (հա­յե­րէն) եւ Հիլ­տա Թուր­շու­ճո­ւեան-Չա­քար (անգ­լե­րէն), խորհր­դա­րա­նա­կան նշա­նա­կո­ւե­ցան` Վազ­գէն Ալ­թու­նեան եւ Շա­հին Սո­հէյ­լի, գնա­հա­տան­քի ան­դամ­ներ նշա­նա­կո­ւե­ցան Մկրտիչ Գա­նոն­ճեան եւ Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան: Հիւ­րըն­կալ ծու­խի ա­նու­նով բա­րի գա­լուս­տի եւ ժո­ղո­վի յա­ջո­ղու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կաւ Հայ Ա­րի Քհնյ. Թա­նա­շեան, ա­պա Գա­նա­տա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­պա­տոս` Ա­րա Մկրտի­չեան ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով:

Ող­ջոյ­նի նա­մակ­ներ ու­ղար­կած էին Գա­նա­տա­յի դաշ­նակ­ցա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ` Ճաս­թին Թրու­տօ, Օն­թա­րիօ նա­հան­գի վար­չա­պետª Տակ Ֆորտ եւ Օթ­թաո­ւա­յի քա­ղա­քա­պետ Ճիմ Վաթ­սըն:

 Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան, ներ­կա­յա­ցուց հո­գե­ւո­րա­կա­նաց ժո­ղո­վի տե­ղե­կա­գի­րը, որ­մէ ետք ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հո­վա­նիին ներ­քոյ գոր­ծող յա­րա­կից մար­մին­նե­րու տե­ղե­կա­գիր­նե­րը: Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը յոտն­կայս ունկնդ­րե­ցին Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեան եւ բա­րե­մաղ­թան­քի խօս­քե­րը£ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նա­պետª Լե­ւոն Ի­սա­խա­նեան ներ­կա­յա­ցուց 2018 տա­րո­ւան գրա­սե­նեա­կա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը: Ժո­ղո­վի Ա. նիս­տը վերջ գտաւ Սրբա­զան Հօր ՙՊահ­պա­նիչ՚ով:

Երկ­րորդ նիս­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, 25 Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9.00ին: Աբ­գար Սրբա­զան ներ­կա­յա­ցուց տա­րե­կան հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը եւ  Գա­նա­տա­յի մէջ իր ծա­ռա­յու­թեան ամ­փո­փող զե­կոյ­ցը: Շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց Վե­հա­փառ Հօր, Թե­մի հո­գե­ւոր դա­սին, Թե­մա­կան խոր­հուր­դին, Ծխա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն, Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն, որ­մէ ետք Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Մի­սի­սո­կա­յի Ս. Վար­դան Հայց. Ա­ռաք. ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ` Միւ­ռոն Քհնյ. Սար­գի­սեա­նին շնոր­հեց լան­ջա­խաչ կրե­լու ի­րա­ւունք, առ ի գնա­հա­տանք եր­կա­րա­մեայ իր ծա­ռա­յու­թեան:

Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի տե­ղե­կա­գի­րը ներ­կա­յա­ցուց Ա­տե­նա­պետ Օ­հան Օ­հան­նէ­սեան: Յա­ջոր­դա­բար ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Ա­ւան­դա­պահ մարմ­նի եւ նիւ­թա­կան տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ 2019 ի նա­խա­հա­շի­ւը:

Ճա­շի դա­դա­րէն ետք գու­մա­րո­ւե­ցաւ եր­րորդ նիս­տը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ե­րեք ան­դամ­նե­րու մաս­նա­կի ընտ­րու­թիւ­նը. ան­դամ­ներ ընտ­րո­ւե­ցան, Կո­մի­տաս Քհնյ. Միր­զա­խա­նեան, Ժի­րայր Տո­լար եւ Մկրտիչ Գա­նոն­ճեան, Ա­րամ Իշ­նար (անձ­նա­փո­խա­նորդ). Կա­լո­ւա­ծոց մարմ­նի ան­դամ ընտ­րո­ւե­ցաւ Դոկտ. Ար­շա­ւիր Կէօն­ճեան: Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հա­շո­ւեքն­նիչ եւ ընտ­րո­ղա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Հա­մա­ձայն Թե­մի Ծրա­գիր-Կա­նո­նագ­րի, եւ 40 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, Ժո­ղո­վը երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով Գա­նա­տա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ վե­րընտ­րեց Աբ­գար Եպս. Յո­վա­կի­մեա­նը:

Թե­մի հո­գե­ւո­րաց դա­սի ա­նու­նով Զա­րեհ Ա­ւագ Քհնյ. Զար­գա­րեան, շնոր­հա­ւո­րեց վե­րընտ­րեալ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց  ստանձ­նած պաշ­տօ­նին առն­չու­թեամբ: Նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դը իր անդ­րա­նիկ պատ­գա­մը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն, ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին: Այ­նու­հե­տեւ, Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Թե­մի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն, թեկ­նա­ծու­նե­րուն եւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, սոյն պաշ­տօ­նը ի­րեն վստա­հե­լուն հա­մար:

Գնա­հա­տան­քի Յանձ­նա­խում­բի տե­ղե­կա­գի­րը ըն­թեր­ցեց Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան: Ո­րո­շո­ւե­ցաւ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 37-րդ ­ժո­ղո­վը գու­մա­րել Մոնթ­րէա­լի Ս. Գրի­գոր Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ, Մա­յիս 29-31, 2020-ի շա­բա­թա­վեր­ջին:

Ժո­ղո­վը վերջ գտաւ Ա­ռաջ­նորդ Հօր ՙՊահ­պա­նիչ՚ով:

Շա­բաթ, 25 Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ՙThe Helenic Banquet Centre՚ ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ եւ ծու­խի հիմ­նադ­րու­թեան 40ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն. գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, ուր սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը, Հայ Ա­րի Քհնյ. Թա­նա­շեան, Օ­հան Օ­հան­նէ­սեան եւ Ժան Ֆի­լիփ Թաշ­ճեան: Ե­րե­կոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մէջ:

Կի­րա­կի Մա­յիս 26-ին, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն` ի պա­տիւ թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու: