Գանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Տարածք Ազրպէյճանական Ներթափանցման Գծով


Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիս 14-ին տեղեկացուց, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև զարգացող լարուածութեան մասին, յատկապէս հայկական տարածքէն ներս ներխուժման ու ներթափանցման տեղեկութիւններու առնչութեամբ։

«Մենք հակամարտ կողմերուն կը յորդորենք յարգել Նոյեմբեր 10-ին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագիրը և շարունակել բանակցութիւնները կայուն և խաղաղ կարգաւորման համար: Պետք է դադրեցուին բոլոր գործողութիւնները, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը », նշած է նախարարը իր հրապարակման մէջ:

Նշենք, որ Հայաստանի սահմանատարածքին վրայ ազրպէյճանական շարունակուող ներթափանցումի արարքներուն գծով՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայէն կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ կատարուող  սահմանային օրինախտումները։

(Հորիզոն)