Գա­նա­տա­յի Լո­ռի-Ջա­ւախ­ք Յանձ­նա­խում­բը Թորթոնթոհայութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Հան­գա­նա­կա­յին Զօ­րակ­ցա­կան Հաւաքին


Գա­նա­տա­յի Լո­ռի-Ջա­ւախ­քի Յանձ­նա­խում­բը Թորոնթոյի եւ Մոնթ­րէա­լի մէջ Ջաւախքի եւ հայաստանի Լոռի մարզին մէջ իրականացնելիք ծրագիրներուն համար կը կազմակերպէ երկու հանգանակային ձեռնարկներ եւ կոչ կ՛ուղղէ  գանատահայութեան մասնակցելու Զօրակցական-հանգանակային հաւաքին։ Ստորեւ կու տանք յանձնախումբին այս առիթով ըրած կոչը․

“Յար­գե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Գա­նա­տա­յի Լո­ռի-Ջա­ւախ­քի Յանձ­նա­խում­բը ﬔծ­ ու­րա­խու­թեամբ սոյն տա­րո­ւան Մարտ աﬕսը կը հռչա­կէ Լո­ռիի մար­զի եւ Ջա­ւախ­քի զօ­րակ­ցու­թեան աﬕս: Առ այդ այս տա­րեշր­ջա­նին` հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած են հան­գա­նա­կա­յին զօ­րակ­ցա­կան եր­կու գլխա­ւոր ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կի­րա­կի, 15 Մարտ 2020-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 1:30-ին Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ, իսկ երկ­րոր­դը` Եր­կու­շաբ­թի 16 Մարտ 2020-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:00-ին Մոնթ­րէա­լի Հայ Կեդ­րո­նի Ա. Ա­հա­րո­նեան սրա­հէն ներս:

Վե­րո­յի­շեալ զոյգ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն պատ­գա­մա­խօսն է ՀՕՄի Ջա­ւախք Ֆոն­տի օ­ժան­դա­կու­թեան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ի­վան Արտ­հալ­ճեան՝ յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած Ե­րե­ւա­նէն: Ձեռ­նարկ­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան տե­սե­րիզ, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­կիրճ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Մուտ­քը ա­զատ է: Զոյգ ձեռ­նարկ­նե­րէն գո­յա­ցած գու­մար­նե­րը պի­տի յատ­կա­ցո­ւին Ա­խալց­խա­յի (Ջա­ւախք) կրթամ­շա­կու­թա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նի ընդ­լայն­ման ու շէն­քի նո­րո­գու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն, Լո­ռիի Սպի­տակ քա­ղա­քին մէջ ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն մը գնե­լու աշ­խա­տան­քին, ինչ­պէս նաեւ Լո­ռիի պա­տա­նե­կան ճամ­բար­նե­րու ծրագ­րի ընդ­լայն­ման: Վե­րոն­շեալ ձեռ­նարկ­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու նպա­տա­կով կը դիﬔնք ­ձե­զի, որ բե­րէք ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ձեր ներ­կա­յու­թեամբ զօ­րակ­ցիք այս հայ­րե­նա­նո­ւէր ու ազ­գա­նո­ւէր կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քին: Մեր բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն պէս, այս ծրա­գիր­նե­րը եւս կ­՛ի­րա­կա­նան բա­ցա­ռա­պէս ﬔր ­հայ­րե­նա­կից­նե­րու ան­սա­կարկ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով”: