Գանատայի Խորհրդարանականներ կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Յարձակումը Արցախի Խաղաղ Բնակչութեան Նկատմամբ


Գանատայի Ազատական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ էլ Խուրի ընկերային ցանցերու վրայ յատուկ գրառումով դատապարտեց Հայաստանի դէմ ուղղուած ազրպէյճանական յարձակումը: Իր գրառման մէջ ան յատկապէս շեշտեց, որ յարձակումները դիտաւորեալ թիրախ ընտրած են անմեղ քաղաքացիներ (երեխաներ, կանայք …), նշելով, որ Ազրպէյճան, Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ, բացարձակապէս ոչ մէկ գութ կը ցուցաբերէ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ և չի յարգեր միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Գանատայի խորհրդարանի Գանատա-Արցախ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յատուկ գրառումով դատապարտեց Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումը։

Ռէյչըլ Հարտըր իր դատապարտման կոչին մէջ նշեց, որ ազրպէյճանական զինեալ յարձակումները դիտաւորեալ ուղղուած են անմեղ քաղաքացիներու դէմ: Պահպանողնաղական կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ հակամարտութեան գծով ռազմական լուծումը անընդունելի է: Հարտըր շեշտեց նաեւ, որ Գանատան սատար կը հանդիսանայ Հելսինքիի համաձայնագրի բանաձեւերուն վրայ հիմնաւորուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախաձեռնութեանց՝ ներառեալ տարածաշրջանի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին:

Աղբիւր՝ «Հորիզոն»