Գանատայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ


ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 28ին Երեւան հասած է Գանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն ղեկավարն է «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտ: Պատուիրակութեան  կ՛ընկերակցի Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթաուայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեան:

Օգոստոս 29ին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Պատուիրակութեան հետ հանդիպած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ու ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամ Արմէն Բաբայեան:

 Օգոստոս 30ին պատուիրակութիւնը մեկնած է Արցախ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան  Օգոստոս 29ին ընդունած է «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Արա Բաբլոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատուիրակութեան ղեկավարին եւ գանատացի խորհրդարանականներուն Արցախ այցելելու որոշումին համար` նշելով, որ այնտեղ անոնք անաչառ տեղեկատուութիւն պիտի ստանան թէ՛ Արցախի, թէ՛ Լեռնային  Ղարաբաղի տագնապին մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը բարձր  գնահատած է Գանատայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հանգամանքը` փաստելով, որ այսօր ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, շարունակելով ժխտել այդ փաստը, կը ցուցաբերեն նոյն մօտեցումները, ինչ որ 102 տարի առաջ կ՛ընէին: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, օրինակ բերելով Գերմանիոյ եւ Իսրայէլի հաշտութեան փաստը, նշած է, որ անազնուութեան բեռը տակաւին կը ծանրանայ պաշտօնական Թուրքիոյ  վրայ, եւ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն` այսօր Թուրքիան յետընթաց կ՛ապրի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով:

Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Գանատայի վարած քաղաքականութիւնը, որ տարբեր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդոց առիթ կու տայ լիարժէքօրէն դրսեւորուելու եւ արտայայտուելու: Արա Բաբլոյեանի համաձայն, մարդու իրաւունքը բարձրագոյն արժէք է` անկախ ազգութենէ եւ դաւանանքէ. պէտք է յարգել կրօնական պատկանելիութիւն ունենալու, ընտրելու իրաւունքը:

Արա Բաբլոյեան նշած է. «Ուրախ եմ, որ պիտի այցելէք Արցախ: Այնտեղ կը ծանօթանաք խաղաղասէր ու ազատատենչ ժողովուրդի մը եւ պիտի համոզուիք, որ ճիշդ ուղիին վրայ էք` պաշտպանելով արցախցիներուն ազատ ապրելու իրաւունքը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն արցախցին, ի տարբերութիւն ազրպէյճանցիին, կը պաշտպանէ իր տան  մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը:

Ընդգծելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի  յարաբերութիւնները զարգացնելու մէջ` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Գանատայի խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերու գործունէութիւնը` նշելով, որ մեր երկիրը շահագրգռուած է զարգացնելով համագործակցութիւնը բոլոր մարզերուն  մէջ:

Մաժետ Շաֆի շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար` ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամները եւ այցելութեան նպատակը: «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը նշած է, որ անցեալ տարի ականատես եղած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ կիրարկուած զինուորական  գործողութիւններուն, որոնց զոհ գացած են թէ՛ զինուորականներ եւ թէ՛ խաղաղ բնակիչներ:

Հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարին համաձայն, Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը ներկայացուի իբրեւ  կրօնական եւ ոչ թէ քաղաքական տագնապ. այսպիսի մօտեցում, անշուշտ, շահաւէտ է Ազրպէյճանին:

Հանդիպումի աւարտին Արա Բաբլոյեան նշած է, որ դարեր շարունակ քրիստոնէութիւն դաւանող հայ ժողովորդը այսօր ալ կ՛ընթանայ  խաղաղութեան մէջ ապրելու եւ արարելու ճամբով. ատիկա հիւրերը կը տեսնեն Արցախի մէջ:

Օգոստոս 29ին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Գանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆիի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխանները` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է գանատացի խորհրդարանականներուն  պարբերական այցելութիւնները եւ անոնց ներդրումը երկկողմանի  յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` գանատացի խորհրդարանականները ներկայացուցած են «Մէկ ազատ աշխարհ»  կազմակերպութեան` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Արցախ իրենց փաստահաւաք առաքելութեան նպատակը` ուսումնասիրել անցեալ տարուան Ազրպէյճանի ապրիլեան յարձակումին ընթացքին կատարուած մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներն ու զինուորական յանցագործութիւնները եւ զեկուցում պատրաստել անոնց մասին:

Հիւրերուն խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող միացեալ ջանքերը, անդրադարձած է ապրիլեան յարձակումներուն ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գործած զինուորական յանցագործութիւններուն:

Օգոստոս 29ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է գանատացի երեսփոխանները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած հարցերու շրջագիծին մէջ անդրադարձ  կատարուած է ղարաբաղեան տագնապին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ  շրջանային անվտանգութեան ապահովման հարցերուն:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան հիւրերուն ներկայացուցած է  ղարաբաղեան տագնապին նախապատմութիւնը, խաղաղ լուծման հոլովոյթը եւ շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները` յատկապէս ապրիլ 2016ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները եւ այդ ընթացքին  վերջինիս զինուած ուժերուն կատարած զինուորական յանցագործութիւնները: