Գանատայի Կառավարութիւնը $260,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Հայաստանին, Քորոնա Ժահրի Դէմ Պայքարելու Համար


26 Օգոստոս, 2020-ին, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբը երախտագիտութեամբ յայտարարեց թէ Քորոնա ժահրի դէմ պայքարելու մտադրութեամբ, Գանատայի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է 260,000 տոլարի նիւթական նպաստ ուղղարկել Հայաստանի Հանրապետութեան:

Նիւթական նպաստի սոյն փաթեթը կու գայ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակուածներու թիւը անցած է 43,000-ը, մեծապէս ծանրաբեռելով երկրի տնտեսութիւնն ու առողջապահական համակարգը:

Քորոնա ժահրի տարածման առաջին իսկ օրերէն, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յետամուտ աշխատանք ծաւալեց Գանատայի պետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նիւթական նպաստ ապահովելու աշխատանքի կապակցութեամբ:

Օթթաուայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կատարած պաշտօնական դիմումնագրէն անմիջապէս ետք, յանձնախումբը անցաւ հետեւողական աշխատանքի եւ յատուկ նամակով մը դիմեց Գանատայի կառավառութեան երեք նախարարներուն՝ Արտագին Գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամբայնին, Միջազգային Առեւտուրի նախարար Մէրի Ինկին եւ Միջազգային Զարգացման նախարար Քարինա Կուլտին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ընտրեալ եւ պետական պաշտօնատարներու, կոչ ուղղելով կառավարութեան, որ Քորոնա ժահրի դէմ պայքարի կապակցութեամբ անյապաղ նպաստ տրամադրեն ՀՀ կառավարութեան:

Ըստ նախնական տուեալներու, Գանատայի Կարմիր Խաչի միջոցավ, նպաստը պիտի փոխանցուի Հայաստանի Կարմիր Խաչին եւ պիտի օգտագործուի համաճարակի դէմ պայքարելու տարատեսակ ծրագիրներու համար:

Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի կառավարութեան եւ վերոնոշեալ նախարարներուն, վերահաստատելով իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օգտակար դառնալու ուղղութեամբ: