Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Յայտարարութիւնը Թագաժահրի (Coronavirus COVID 19) Հետ Կապուած


Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանը Թագաժահրի (Coronavirus COVID 19) հետ կապուած յայտարարութիւն տարածած է․

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Նկատի ունենալով աղմկայարոյց Թագաժահրի (Coronavirus COVID 19) երեւոյթը, կու գանք մեր Եկեղեցւոյ սիրեցեալ զաւակներուն տեղեկացնելու, թէ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը աչալրջօրէն կը հետեւի յիշեալ ժահրի տարածման եւ այդ մասին կատարուող զգուշացումներուն եւ յայտարարութիւններուն, եւ առ այդ՝ կու գայ փոխանցելու հետեւեալները.-

Ա- Զգուշաւորութեամբ հետեւիլ Գանատայի պետութեան կողմէ եղած յայտարարութեանց։

Բ- Հետեւիլ բժշկական կանխարգիլման բոլոր միջոցառումներուն, ինչպէս՝ ձեռքերու մաքրութիւն, ջուրի յաճախակի օգտագործում, յատուկ կենսանիւթերու (Vitamin) գործածութիւն, որոնք մարմնի դիմադրողականութեան կը նպաստեն, եւ՝ կապի մէջ ըլլալ ձեր անձնական-ընտանեկան բժիշկին հետ։

Գ- Չմտատնջուիլ եւ խուճապահար չըլլալ։ Վախի եւ գերճնշման (Stress) հետեւանքով, մեր մարմնին դիմադրողականութիւնը կը նուազի, ինչ որ նպաստաւոր պայման է Թագաժահրի (Coronavirus) ազդեցիկութեան։ Չմտատանջուելու եւ հանդարտ մնալու համար բժիշկներ կը թելադրեն՝ խնդուք, խոր շնչառութիւն, մեղմ երաժշտութեան ունկնդրութիւն (շարական), աղօթք եւ ծոմապահութիւն։

Այս իմաստով, Թեմիս եկեղեցիներուն արդէն իսկ թելադրած ենք, օգտագործումը յատուկ հականեխիչներու եւ կանխարգելիչ այլ միջոցառումներու։

Մեծ պահոց այս հանգրուանին, եկէք զօրանանք աղօթքով եւ մեր մարմինը մաքրագործող պահեցողութեամբ ու ծոմով։

Մնացէք առողջ եւ խաղաղ։

 «Քու ժողովուրդէդ փարատէ՛ ցաւերը եւ բժշկէ հիւանդութիւնները,

ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, եւ կատարեալ առողջութի՛ւն շնորհէ բոլորին՝

քու ամենայաղթ Խաչիդ նշանովը։»

Ամէն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ