Գանատայի Հայոց Թեմի Օնթարիոյի Եկեղեցիները Շուտով Պիտի Վերաբացուին


Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Գանատանյի թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հրամանով եւ տնօրինութեամբ, 14 Յունիս 2020-ին, պետական օրէնքներու եւ առողջապահութեան ապահովման կանոններու հիման վրայ պիտի վերաբացուին` Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Սէնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ուինտզրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դռները։

«Մեր եկեղեցիները իրենց դռները կը բանան հիմնուած Ազգային Առաջնորդարանի պատրաստած եկեղեցիներու վերաբացումի նախագիծին վրայ, ուր ի գործ կ՚ածուին նախնական պատրաստութիւնները՝ մաքրութիւն, հականեխում, եւ նմանատիպ աշխատանքներ, հիմնուած Օնթարիոյ նահանգի օրէնքներուն օրինաչափութիւններուն վրայ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Առաջնորդարանը հաւատացեալ ժողովուրդէն կը խնդրէ, որ զգօնութեամբ եւ աչալրջութեամբ հետեւին նահանգի օրէնքներուն եւ թոյլտուութեան օրինաչափութիւններուն։