Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի Հետ


Յանձնախումբի ատենապետ՝  Շահէն Միրաքեան, Աբգար Միրաքեան եւ Օթթաուայի գրասենեակի գործավար՝ Սեւակ Պէլեան

 
Կիրակի` 17 Մարտ 2019-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, հանդիպում ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի անդամ, հայութեան եւ Արցախ ժողովուրդի բարեկամ՝ Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ:
 
Հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի անդամները Պարոնուհի Քոքսի հետ քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը, այս ուղղութեամբ Գանատայի մէջ տարուող աշխատանքները եւ իր կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու մանրամասնութիւնները:
 
Հայ Դատի պատուիրակները յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեցին Պարոնուհի Քոքսին` իր ջերմ ու անկեղծ բարեկամութեան եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տարած մարդասիրական գործունէութեան համար: