Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ’օժտուի Նոր Գրասենեակով, Կառավարութեան Մօտ Կը Տանի Բազմակողմանի Աշխատանք. Կը Զրուցենք Գրասենեակի Գործավար Սեւակ ՊԷլեանի Հետ


«Թորոնթոհայ»ի այսօրուան մեր հիւրին՝ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավար Սեւակ ՊԷլեանի հետ կը զրուցենք յետարցախեան պատերազմին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին բազմակողմանի աշխատանքներուն, ձեռքբերած արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ Օթթաուայի մէջ Գամամի ձեռքբերած շէնքին համար Մայիս 16-ին կայանալիք առցանց հանգանակութեան արշաւին մասին։