Գանատայի Մէջ Հայաստանի Իրաւապահներուն Համար Փտածութեան Դէմ Պայքարի Արդիւնաւէտութեան Ծրագիր Պիտի Իրականացուի


Յունուար 30ին ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեան ընդունած է Գանատայի Օնթարիոյի հանրային ապահովութեան նախկին փոխնախարար, այժմ Թորոնթոյի Munk կեդրոնի ոստիկանական նախաձեռնութեան ղեկավար Մեթիւ Թորիկեանը: 

Թորիկեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուցած է իրենց ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները եւ յայտնած, որ շուտով պիտի սկսի հերթական ծրագիրը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի իրաւապահ կառոյցներու ծառայողներ եւ ոստիկաններ: Ծրագիրը փտածութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու, ինչպէս եւ համայնքային ոստիկանութեան զարգացման նպատակներ կը հետապնդէ:

Թորիկեան ընդգծած է, որ ծրագիրը տարբեր երկիրներու իրաւապահներուն հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ փորձի փոխանակմամբ զարգացնել մասնագիտական գիտելիքները։

ՀՀ ոստիկանութեան պետը ոչ միայն համագործակցութեան, այլեւ աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է: Օսիպեանը հիւրին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի մէջ համակարգային եւ տեւական պայքար սկսած է կաշառակերութեան երեւոյթներու դէմ, ուստի շատ կարեւոր կը նկատէ փտածութեան դէմ մասնագիտական եւ արհեստավարժ գործողութիւնները` յատուկ ընդգծելով, որ կաշառակերութեան հակազդելը մերօրեայ ոստիկանութեան գործունէութեան առաջնային ուղղութիւններէն է:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են յառաջիկային կազմակերպուելիք ծրագիրներուն, ինչպէս եւ երկու կողմերուն  հետաքրքրող խնդիրներուն առնչուող հարցեր: