Գանատայի Մէջ Վարորդական Քննութիւնը Հայերէն Տալու Արտօնութիւն Պիտի Տրուի


(Ontario News).- 2018ի գարնան Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ պիտի արտօնեն վարորդական իրաւունքը ստանալու համար անհրաժեշտ գրաւոր քննութիւնը հայերէն տալու, յայտարարած է Օնթարիոյի փոխադրամիջոցի նախարար Սթիվըն տել Տուգան` ելոյթ ունենալով Թորոնթոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ:

Այդպիսով, Օնթարիոյի մէջ, ներառեալ Գանատայի ամենամեծ քաղաքին` Թորոնթոյի մէջ, հաստատուած նորեկները աւելի դիւրութեամբ պիտի սորվին ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները:

Ներգաղթեալները գրաւորները կրնան յանձնել եւս 20 լեզուով, բացի պաշտօնական անգլերէնէն եւ ֆրանսերէնէն:

16 տարի է, որ Օնթարիոյի ճանապարհները ամենաանվտանգներէն կը համարուին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: