Գանձասարի Վանական Համալիրին Մէջ Մատուցուած է Ս․ Ծննդեան Պատարագ․ Ներկայ Էին Արցախի Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներ


Ս․ Ծննդեան պատարագ Գանձասարի Վանական համալիրէն ներս

«Արցախփրես»- Յունուար 6-ին՝ Ս․ Ծննդեան տօնին առիթով Գանձասարի վանական համալիրին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ մատուցուած է Ս․ Ծննդեան պատարագ:

Պատարագին ներկայ էին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, պաշտօնատար այլ անձիք, հաւատացեալներ:

«Մեր փոքրիկ պետութիւնը պէտք է դառնայ Քրիստոսի մսուրը: Ազգովի խոնարհուելով այդ մսուրին առաջ, Քրիստոսի լոյսի առջեւ` մեր երկիրը պիտի լուսաւորուի, պիտի հզօրանայ, պիտի դառնայ միաբանուած: Քրիստոսի Ս․ Ծննդեան պատգամն է` միաւորել մեզ:  Պէտք է սիրենք մեր դիմացինը, սէրը կը փրկէ ամէն ինչէն: Եթէ մենք կարենանք կրողը դառնալ այդ մեծ սիրոյ, ոչ միայն կը ձերբազատուինք մեզ խեղդող բոլոր տեսակի չար խորհուրդներէն, այլեւ կը դառնանք իրապէս լուսակիրը, ջահակիրը, լոյսի որդիներ եւ ոտքի կը կանգնեցնենք մեր հայրենիքը:

Կը շնորհաւորեմ ժողովուրդը: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզի մեծ Աւետիս», ըսաւ Տ․ Վրթանէս:

Կրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի խօսքով` այսօր ան Աստուծմէ լսած է մեր միասնականութեան եւ միասնութեան հրահանգը: «Թող բոլորս այսօր ծունկի գանք մեր հոգիին մէջ եւ բոլորիս մէջ թող ծնի Քրիստոսը», ըսաւ ան:

 Ուխտաւոր Յասմիկ Հայրապետեան մեծ յոյսերով կը սպասէ այս տօնին եւ ուրախ է, որ այսօր կը գտնուի Գանձասար: «Տարին ինծի համար կը սկսի Ս․ Ծնունդով, քանի որ Ս․ Ծնունդը կը խորհրդանշէ մեր Փրկիչին ծնունդը, որ ծնաւ, ապրեցաւ եւ խաչուեցաւ մեզի համար», նշեն ան:

Ս․ պատարագէն ետք կատարուած է Ջրօրհնէքի արարողութիւն. օրհնուած ջուրը բաժանուծ է ներկաներուն:

Նոյն օրը Ս․ Ծննդեան պատարագ մատուցուած է նաեւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Ս․ Հովանի մայր տաճարին մէջ հոգեւոր հովիւ Տ․ Ներսէս քահանայ Ասրեանի հանդիսապետութեամբ։ Պատարագէն անմիջապէս ետք կատարուած է Ջրօրհնէքի կարգ:

Ս․ Պատարագին ներկայ եղած են Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձիք, հաւատացեալներ:

Պատարագի աւարտին Մայր տաճարի բակին մէջ տեղադրուած Ս․ Ծննդեան տաղաւարէն հնչած է հոգեւոր երաժշտութիւն: