Գերաշնորհ Սրբազան Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Խնկելի Յիշատակին


Հայր Մեղրիկին հետ․ ձախին՝ Տէր եւ Տիկին Խաչիկ եւ Այտա Գանձապետեան, աջին Արմենուհի Գոլոլեան եւ Դոկտ․ Իզապէլ Գաբրիէլեան Չըրչըլ

Ար­մե­նու­հի Գո­լո­լեան

Սի­րե­լի Սրբա­զան Հայր,

Մեծ յու­զում եւ ցաւ պատ­ճա­ռեց Ձեր վախ­ճան­ման անս­պա­սե­լի գոյ­ժը: Ցնցո­ւե­ցանք եւ տա­կա­ւին չենք հաշ­տո­ւած այս մեծ կո­րուս­տին: Յի­շո­ղու­թիւնս զիս տա­րաւ տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ Ձեր ներդ­րու­մով եւ մեր ըն­տա­նի­քի ա­ջակ­ցու­թեամբ Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին օժ­տո­ւե­ցաւ նոր­ եր­գե­հո­նով մը, ո­րուն հա­մար որ­քա՜ն­ ու­րախ եւ խան­դա­վառ էիք:

Տա­րի­նե­րով Ձեր եւ Տի­կին Լե­նա Պէյ­լէ­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Դպրաց Դա­սի հետ միա­սին, հո­գե­ւոր շուն­չով լու­սա­ւո­րե­ցիք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ զոյգ գմբէթ­ներն ու կա­մար­նե­րը:

Դուք, Ձեր բազ­մա­զան տա­ղանդ­նե­րով, խան­դա­վա­ռե­ցիք ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ո­ր ա­ւե­լիով փա­րե­ցաւ մեր ե­կե­ղե­ցոյ հո­գե­ւոր կեան­քին: Կո­րուս­տը մեծ է եւ հետզ­հե­տէ պի­տի խո­րա­նայ…

Սի­րե­լի եւ յար­գե­լի Սրբա­զան Հայր, Ձե­զ միշտ յիշելու նուէր մը. ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան ո­րո­շու­մով, այդ եր­գե­հո­նը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Ձեր ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տա­կին որ­պէս ցայ­տուն յի­շա­տակ­ներ, ո­րոնք միշտ ան­մառ պի­տի մնան Ձեզ սի­րող ու յար­գող Թո­րոն­թո­հայ գա­ղու­թի հո­գի­նե­րուն մէջ:

Յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ: