Գէմպրիճի, Ուինծըրի, Սէնթ Գաթրինզի, Համիլթընի Հայ Կեդրոններու Հաղորդագրութիւն Գորոնաժահրի Հետ Կապուած


ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՆԹԱՐԻՈՅԻ ՇՐՋԱՆԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հետեւելով գորոնաժահրի պատճառով յառաջացած արտակարգ վիճակի զարգացումներուն, վարակի տարածման հաւանականութիւնը կանխարգիլելու միտումով, կը յայտարարենք, թէ Հայ կեդրոնները կը շարունակենք փակ պահել մինչեւ 6 Ապրիլ 2020: Օրին՝ ձեզի տեղեակ կը պահենք այս ժամկէտին յաջորդող հանգրուանին մասին: Մեր համայնքներու անդամներու առողջապահութիւնն ու ապահովութիւնը կը նկատենք առաջնահերթութիւն ու հետեւելով Օնթարիոյի նահանգային կառավարութեան թելադրանքներուն՝ մենք եւս կը յորդորենք առաւելագոյն չափով մնալու ձեր տուներէն ներս:

Յայտնենք նաեւ որ յետ այսու՝

  Մեր կեդրոններու յարկին տակ գործող բոլոր միութիւններու ձեռնարկներն ու համախմբումները առկախուած են ցնոր տնօրինութիւն:

Եկեղեցական Կիրակնօրեայ Ս.Պատարագի արարողութիւնները եւս առկախուած են, բայց մեր հաւատացեալները  կրնան հետեւիլ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի շրջաններու եկեղեցական ուղիղ սփռումներուն:

Իւրաքանչիւր շրջանի համար հաստատած ենք հեռաձայնային շտապ թիւ՝ յատկապէս մեր տարեց սերունդի այն անդամներուն համար որոնք ազգականական կամ բարեկամական շրջանակ չունին, հարկ եղած պարագաներուն զանգելու, որպէսզի օժանդակութիւն ցուցաբերենք անոնց անհրաժեշտ կարիքներուն համար: Այս նպատակով՝ յառաջացուցած ենք կամաւորներու խմբակ, որ պիտի արձագանգէ մեզի հասած դիմումներուն: Ստորեւ հեռաձայնային շտապ թիւերը՝

. Ուինծըր (Windsor) – Հեռ. (226) 260 5416

. Սէնթ Գաթրինզ (St. Catherine’s) – Հեռ. (905) 682 6178

. Գէմպրիճ (Cambridge) – Հեռ. (519) 362 9237

. Համիլթըն (Hamilton) –  Հեռ. (905) 961 2301

 Առողջապահական առումով, եթէ որեւէ անհանգստութիւն զգաք գորոնաժահրի հետ կապուած, դիմեցէ’ք Օնթարիօ նահանգի տրամադրած ինքնաստուգման (self- assessment) հարցարանին ՝ տեղադրուած Օնթարիօ նահանգի կայքէջին վրայ –

https://covid-19.ontario.ca/self-assessment/#q0

Այդ հարցարանի արդիւնքին հիման վրայ՝ ձեզի կը տրուի հարկ եղած ցուցմունքը դիմելու յաջորդ քայլին:

Սիրելիներ, առողջութիւն եւ զգօնութիւն կը մաղթենք ձեր բոլորին: Յոյսով ենք որ բոլորիս համագործակցութեամբ եւ խոհեմութեամբ՝ կը յաղթահարենք այս ստեղծուած դժուարին կացութիւնը:

Մնացէք քաջառո’ղջ:

Ուինծըրի, Սէնթ Գաթրինզի, Գէմպրիճի, Համիլթընի Հայ Կեդրոններ

 22 Մարտ 2020