Գիւմրիի Մէջ Քըրք Քըրքորեանի Յուշարձանը Տեղադրուեցաւ


“Արմենփրես”․- Յունիս 24ին, Գիւմրիի Աբովեան փողոցին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան հեղինակ, ծնունդով գիւմրեցի ամերիկաբնակ գործարար Գրիգոր Պետիրեան: Արձանի բացման պատիւը տրուեցաւ Սամուէլ Բալասանեանին եւ նախաձեռնութեան հեղինակին: Ի դէպ, Գիւմրիի քաղաքային իշխանութիւնները նպատակ ունին Աբովեան փողոցը յետագային անուանակոչել Քըրք Քըրքորեանի անունով:

Քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան խօսեցաւ արձանի, անոր տեղադրման նախաձեռնութեան մասին, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի գործունէութեան, Գիւմրիի մէջ ունեցած ներդրումին. «2800 բնակարան կառուցուած է Լինսի հիմնադրամին միջոցներով, ճանապարհներ, մշակութային օճախներ, տարբեր ձեռնարկներ, որ իրականացուած են Լինսի հիմնադրամին միջոցներով: Այս բոլորին համար գիւմրեցին իր երախտիքի խօսքը պէտք է ըսէր եւ ըսաւ», նշած է Բալասանեան:

Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ Գրիգոր Պետիրեանին՝ արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան համար:

Ողջունելով հայրենակիցները՝ Գրիգոր Պետիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուման ներդրած են արձանի տեղադրման գործին:

Արձանի հեղինակը գիւմրեցի քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանն է, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր բոլորի նպատակը եղած է երախտապարտ ըլլալ մեր բարերարներուն, յատկապէս Քըրք Քըրքորեանին, որ այդքան միջոցներ տրամադրեց Գիւմրի վերականգնման», ըսաւ քանդակագործը:

Նշենք, որ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով՝ ամերիկահայ միլիառատէրը ստեղծեց «Լինսի» հիմնադրամը՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդնելով 220 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն։ Միայն 73 միլիոն ծախսած է ճանապարհաշինութեան վրայ՝ վերանորոգելով 435 քիլոմեթր պետական նշանակութեան ճանապարհներ։ 45 միլիոն տոլար ալ յատկացուցած է երկրաշարժէն աւերուած բնակարաններու վերականգման համար, որմով Շիրակի ու Լոռիի մարզերուն մէջ կառուցուած է 149 շէնք՝ 3674 բնակարանով: