Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Սպիտակի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին


Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած են 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի անունով ծաղկեպսակներ զետեղուած են երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներուն առջեւ:

Գիւմրիի մէջ հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուած է Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն օրուան ընթացքին եւս մարդաշատ եղած են Գիւմրիի բոլոր եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները:

Երկրաշարժէն 28 տարի ետք մարդիկ կը շարունակեն այցելել աղէտին զոհ գացած հարազատներուն շիրիմները` սգալու ու խնկարկելու կորուստը:

Մարդոց հոսքը չէր դադրեր նաեւ դէպի անմեղ զոհերու եղբայրական գերեզման: Իսկ առաւօտեան 11:41-ին` ճիշդ այն նոյն ժամուն, երբ տեղի ունեցաւ սարսափելի աղէտը, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, նախարարները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, մարզային եւ քաղաքային   իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, քաղաք այցելած հիւրերը ծաղիկներ զետեղած են երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, 1 վայրկեան լռութեամբ յարգած են անոնց յիշատակը:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի կողմէ կատարուած է հոգեհանգստեան պաշտօն: Իր պատգամին մէջ ան խորհուրդ տուած է բոլորին արժեւորել կեանքը, դասեր քաղել այդ դաժան օրերէն: