Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Ազրպէյճանական Մաքսակէտերու Տեղադրումով՝ Այդ Ուղին Կ’անցնի Ազրպէյճանին


Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Գորիս-Կապան գլխաւոր ճանապահրը

“Ասպարէզ”- Նոյեմբեր 10-ի երեկոյեան, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան գործառոյթներ իրականացնող կէտեր պիտի տեղադրեն՝ աւելցնելով, որ այդ աշխատանքներուն նախապէս արդէն սկսած են:

«Բայց քանի որ, ինչպէս յայտարարուել է արդէն, պատրաստ է Կապան-Տաթեւ ճանապարհը, այնտեղից էլ կամ Գորիս, կամ Երեւան, կարելի է ասել, անվտանգ շահագործուող ճանապարհ ունենք, այլընտրանքային ճանապարհն այլեւս պատրաստ է՝ ինչպէս ապրանքներ տեղափոխելու, այնպէս էլ այլ տեսակի ցանկացած աւտոմեքենայի համար ճանապարհն օգտագործելի է: Շատ կարեւոր է, որ նոր կառուցուած ճանապարհ է», յայտնեց Գրիգորեան:

Հայաստանի տարածքին մէջ ատրպէյճանական ներկայութիւնը ամրագրող այս որոշումը մերժող եւ դատապարտող բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 11-ին՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, երկրի ճակատագիրով անհանգստացող եւ սրտացաւ քաղաքացիներու կողմէ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս անդրադարձաւ այս խնդրայարոյց հարցին՝ նշելով, որ եթէ Ազրպէյճանի կողմէ հսկողութիւն չիրականացուէր, անոր գինը պիտի ըլլար միջանցքային տրամաբանութիւնը, ինչ որ Հայաստանի համար անընդունելի է:

Աւելի անդին երթալով՝ վարչապետը տուեալ հատուածը հայկական չնկատեց ու ըսաւ. «Շահարկումներից խուսափելու համար պէտք է յիշեցնեմ եւ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրուեմ այն փաստի վրայ, որ ադրբեջանական անցակէտը չի գտնւում Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում: Խօսքը Էյվազլիի հատուածի մասին է: Հիմա կարող է այլ հարց ծագել: Իսկ հնարաւոր չէ՞ր բանակցել, որ այդ ճանապարհին ՀՀ քաղաքացիների եւ բեռների նկատմամբ որեւէ սահմանային հսկողութիւն չիրականացուէր: Հնարաւոր էր, բայց դրա գինը լինելու է միջանցքային տրամաբանութիւնը, ինչը անընդունելի է մեզ համար»:

Ան դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը միշտ ալ եղած է այն, որ անոնք պէտք է վերաբացուին առանց որեւէ արտերկրեայ իրաւակալութեան եւ համապատասխան մաքսային ու անձնագրային հսկողութեան:

«Այսինքն՝ չենք քննարկել ու չենք քննարկելու որեւէ միջանցքային տրամաբանութիւն, ինչպէս նախկինում մի քանի անգամ յայտարարել եմ: Սա ֆիքսուած է փոխվարչապետերի եռակողմ Հայաստան, Ռուսաստան, Ադրբեջան ֆորմատում (ձեւաչափին մէջ) եւ կարեւոր է նաեւ նշել, որ վերջին շաբաթներին այս տրամաբանութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւնը հրապարակային կերպով հաստատել է նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը: Հէնց այս համատեքստում է թերեւս Ադրբեջանը կայացրել երէկուայ որոշումը», յայտնեց Փաշինեան:

Անդրադառնալով Գորիս-Կապան հատուածի մասով Ազրպէյճանի որոշման՝ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան նոյնպէս, ըստ անհրաժեշտութեան, անցման տեղերուն մէջ պիտի տեղադրէ մաքսային, անձնագրային հսկողութեան կէտեր:

«Այս չափազանց կարեւոր ժամանակահատուածում մեզ անհրաժեշտ է սառնասրտութիւն եւ ամուր նեարդեր: Հայաստանի շուրջ նոր միջավայր է ձեւաւորւում, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ այդ միջավայրը լինի հնարաւորինս համապատասխան մեր երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերին: Մենք գնում ենք այդ ճանապարհով»,  եզրափակեց Փաշինեան:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին Ազգային ժողովին մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է պատասխան պահանջել այն դաւաճանական գործողութիւններուն համար, որոնց իբրեւ արդիւնք այսօր Հայաստանի հարաւը կտրուած է մնացեալ ամբողջ երկրէն, երբ շրջափակման մէջ մնացած են Սիւնիքի շարք մը գիւղեր, իսկ իշխանութիւնները կը շարունակեն հպարտանալ, թէ խաղաղութիւն բերած են երկրին:

«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեան եւ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեցին, որ՝ իբրեւ պատգամաւորներ, իրենք իրաւունք ունին կառավարութեան շէնք մտնելու եւ գործադիրի անդամներէն պարզաբանումներ պահանջելու, սակայն ոստիկանները անոնց թոյլ չտուին մօտենալ մուտքին, այդ պատճառով ալ տեղի ունեցաւ հրմշտուք, եւ ձերբակալութիւններ կատարուեցան:

Ցոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան, անդրադառնալով պաշտօնեաներու՝ այլընտրանքային ճամբուն մասին յայտարարութիւններուն՝ ըսաւ. «Այսինքն՝ կարելի՞ է մեր սեփական միջպետական ճանապարհը յանձնել եւ դրա փոխարէն ասել՝ մենք ունենք այլընտրանքային ճանապարհ», շեշտեց ան: Գրիգորեան նշեց, որ երկու ամիսէ ի վեր ինք կը յայտարարէ, որ ազրպէյճանական կողմը մայրուղիի այդ հատուածին մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ, սակայն պետական մարմինի ոչ մէկ ներկայացուցիչ իր բարձրացուցած հարցին պատասխան տուաւ:

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով Սիւնիքի գիւղերուն վերաբերող զանազան անձերու կատարած յայտարարութիւններուն՝ ըսաւ, թէ Սիւնիքի մէջ որեւէ համայնք շրջափակման մէջ չէ: «Ի հարկէ, ճանապարհների վիճակը շատ լաւ չէ, բայց վերջին շրջանում լայնածաւալ աշխատանքներ են կատարուել ճանապարհները գոնէ բնահողային մակարդակում բարեկարգելու համար: Բայց նաեւ այդ աշխատանքները շարունակւում են, համոզուած ենք, որ շատ շուտով կ՛ունենանք նաեւ ասֆալտապատ ճանապարհ: Այդ համայնքներում հաղորդակցութեան որեւէ խնդիր չի առաջանալու», հաստատեց ան՝ նշելով, որ բոլոր բնակավայրերը պիտի ունենան կուպրապատուած ու որակաւոր ուղիներ:

Շարունակելով բարձրացուած մտահոգութիւնները փարատելու անյաջող ու անհեթեթ փորձերը՝ ան դիտել տուաւ, որ Գորիս-Կապան ճանապարհի այդ հատուածը, ուր ատրպէյճանական մաքսակէտ պիտի տեղադրուի, Հայաստանի քաղաքացիները վճարում կատարելով՝ կրնան անցնիլ: 

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան եւս անդրադարձաւ այս հարցին եւ գրեց հետեւեալը. «Ստացւում է՝ Հայաստանից ադրբեջանական սահմանապահ ու մաքսային մարմիններին յուշում են, որ պէտք է վճարներ գանձել Գորիս-Կապան ճանապարհով երթեւեկող ՀՀ բնակիչներից ու օտարերկրացիներից կամ անել իրաւունքների այլ միջամտութիւններ: Բա այդ դէպքում նման յայտարարութիւն արած պաշտօնեան միգուցէ պարզաբանի նաեւ, թէ ադրբեջանական օրէնսդրութիւնը վճարների ու տուրքերի ինչ չափեր է նախատեսում, ինչ իրաւունքներ ունեն մարդիկ այդ գանձումների ընթացքում, վճարումները ՀՀ դրամով են արուելու, թէ արտարժոյթով, որն է բողոքներ ներկայացնելու կարգը ու ինչպէս է նա պատրաստւում պաշտպանել քացաքացիների իրաւունքները: Կամ ինչպէ՞ս է կազմակերպուելու յարակից համայնքների բնակիչների կեանքը, որոնք ստացւում է՝ յայտնուելու են ազրբեջանական մաքսային ու սահմանային վերահսկողութեան գօտում: Իսկ մի գուցէ սահմանազատման եւ սահմանագծման արդիւնքում ազրբեջական իշխանութիւնները զրկւում էին այդ ճանապարհի նկատմամբ իրաւասութիւնից, որովհետեւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան միջազգային մեխանիզմները (գործիքակազմերը) տալիս են այդ հնարաւորութիւնը»:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նիստ գումարեցին՝ օրակարգին վրայ ունենալով Գորիս-Կապան ճանապարհի հարցը: Նիստին չմասնակցեցան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան եւ կառավարութեան ներկայացուցիչները՝ հակառակ անոնց ուղղուած հրաւէրին: