Գտնել Եւ Կորսնցնել Այս Կեանքին Մաս Կը Կազմէն


Ն․ ­Գաբ­րիէ­լեան 

Լու­սա­հո­գի Սրբա­զան Մեղ­րի՛կ, Թո­րոն­թո­յի Ս․­ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ փայ­լուն Աստ­ղը ե­ղաք տաս­նը­չորս տա­րի­ներ, վա­յե­լե­ցինք ձեր ներ­կա­յու­թիւ­նը, խան­դա­վա­րու­թիւ­նը, եր­կա­րա­շունչ կեան­քով լե­ցուն, ի­մաս­տա­լից ձեր քա­րոզ­նե­րը։

Ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տա­կե­լի տա­րի­ներ ե­ղան մե­զի հա­մար, դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րէն սկսեալ, ո­րոնք ի­րար ե­տե­ւի շար­քեր կազ­մած, ա­մէն օր կ՛այ­ցե­լէին ձեր գրա­սե­նեա­կը. «Աս­տո­ւած Օգ­նա­կան Հայր Սուրբ», փաթ­թուկ մը եւ շա­քար-շո­քո­լայ մը ա­ռած ու­րախ կը բարձ­րա­նա­յի վեր։

Երկ­րոր­դա­կա­նի կարգ մը ա­շա­կեր­ներ ի­րենց ա­զատ ժա­մե­րը կ’անց­նէին ձեր գրա­սե­նեա­կին մէջ:

Ան­սահ­ման սէր եւ գուր­գու­րանք կու տայիք բո­լո­րին, այդ սի­րոյ մէջ կար խո­րունկ հա­ւատք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան հանդէպ:

Հա­ւա­տա­րիմ եւ կա­տա­րեալ Սերմ­նա­ցանն ու մշա­կը դար­ձաք մեր Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին:

Ե­կե­ղեց­ւոյս Ս․ ­Խո­րա­նը ճոխ էր, մեր սի­րե­լի սար­կա­ւագնե­րով, պա­տա­նի­նե­րով եւ ին­չու չէ մա­նուկ­նե­րով: Բա­րի նա­խանձ մը կար մա­նուկ­նե­րու մէջ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­պիկը հագնելու եւ ծա­ռա­յելու ե­կե­ղեց­ւոյ:

Մենք ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խող­ներս կը կազ­մէինք մեծ ըն­տա­նիք մը լե­ցուն սի­րով եւ յար­գան­քով:

Կեան­քը ձե­զի տո­ւաւ շատ բարձր ա­լիք­ներ եւ ցա­ւ: Սա­կայն աշ­խա­տե­լու ե­ռան­դը միշտ մնաց բարձր:

Կա­նուխ էր. կի­սա­ւարտ աշ­խա­տանք­ներ թո­ղե­ցիք ե­տին. «Խոր­հուրդ մարդ­կանց, կա­մքն Աս­տու­ծոյ»…

Մեր երկ­նա­ւոր հայ­րը ձեզ կան­չեց, «Բա­րի ու հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռայ ե­ղար. հանգ­չէ եւ միա­ցիր քու ­սի­րե­լի ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րուն»։

Տէ­րը լու­սա­ւո­րէ ձեր ան­գին եւ նո­ւի­րեալ հո­գին․ Հան­գիստ ձեր տան­ջո­ւած մարմ­նին եւ հոգիին՝ տի­րո­ջը հանգս­տա­րա­նին մէջ։