Գրիգոր Զօհրապի Յուշատախտակի Բացում Փարիզի Փաստաբանական Հիմնարկին Մէջ


“Նոր Յառաջ”․- Մայիս 3ին, Գրիգոր Զօհրապի նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Իսի-լէ-Մուլինոյի շրջանէն ներս գտնուող փաստաբանական հիմնարկին մէջ:

Շուրջ հարիւր հոգի ներկայ էին արարողութեան, մեծամասնութեամբ փաստաբաններ, իրենց փաստաբանական տպաւորիչ սեւ համազգեստը հագած, որոնց առաջին կարգին Պալատին նախագահը՝ Ֆրետերիք Սիքար եւ փոխնախագահը Տոմինիք Աթթիաս։

Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութիւնը իր անդամ-փաստաբաններով ներկայ էր, յաւելեալ՝ բազմաթիւ իրաւաբաններ, քաղաքական կարգ մը դէմքեր, որոնց կարգին Իսի-լէ-Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինի, փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեան՝ որ նախքան քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելը եղած է փաստաբան, Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Փաստաբանական պալատի ֆրանսախօս փաստաբաններու միութեան նախագահ՝ Մարտուն Փանոսեան:

Գրիգոր Զօհրապի յուշատախտակի քօղազերծման արարողութեան առթիւ՝ փաստաբանապետ Սիքար իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ.-

«Հայ ազգի բնաջնջումով՝ առաջին հերթին թիրախ ընտրուածներն էին այն կիներն ու այրերը, որոնք ո՛չ միայն խօսքի պաշտպաններ էին, այլ նաեւ՝ մշակոյթ, գաղափարներ եւ արժէքներ փոխանցողներ, բաներ որոնց շնորհիւ մարդը՝ մարդ կը դառնայ։ Փաստաբան եւ գրող Գրիգոր Զօհրապ կը հետապնդուէր, որովհետեւ կը պաշտպանէր քաղաքական բանտարկեալները։

«Մեր կողմէ Գրիգոր Զօհրապի ընտրութեան պատճառը այն է, որ ան հանդիսացաւ առաջին նահատակներէն, որպէս՝ հասարակական ազատութիւններու պաշտպան։

«Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ ընդգծել, թէ այս յուշատախտակը խորապէս այժմէական է։ Քանի որ այսօր Թուրքիոյ մէջ կան ուրիշ Գրիգոր Զօհրապներ, ուրիշ փաստաբաններ, որոնք կը հալածուին, պարզապէս որովհետեւ կը կիրարկեն պաշտպանութեան իրաւունքները։ Այս յուշատախտակը զետեղելով՝ դուք կը հաստատէք ձեր զօրակցութիւնը այն մարդոց ու այն կիներուն, որոնք կը հալածուին՝ որովհետեւ անոնք այսօր կը պայքարին յանուն ազատութեան»։

Այս երեւոյթը շեշտուեցաւ բոլոր ատենախօսներու կողմէ, յատկապէս՝ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ աւագ փաստաբան Հանրի Լըքլէրի։

Այս առթիւ Գրիգոր Զօհրապի ընտրութիւնը իբրեւ խորհրդանիշ, Փարիզի փաստաբաններու դպրոցի մուտքին որպէս մնայուն ներկայութիւն, ապագայ բոլոր փաստաբաններուն կը յուշէ հասարակական ազատութիւններու կարեւորութիւնը եւ առիթ կը դառնայ՝ հայ-ֆրանսական եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման նոր նուաճումի արտայայտութեան։

Այս երեւոյթը այլ կերպ ընդգծեց Վիրժինի Տիւշէն՝ Հայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան նախագահը, նշելով՝ որ Մայիս 3ը պատմական օր մըն է հայ-ֆրանսական կապերու սերտացման առումով. «Պարոն նախագահ, պատմական օր մըն է, որովհետեւ, ըստ իս՝ առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի եղբայրական մեծարանք կը կատարուի մեր հայ գործընկերներուն, որոնք դաւադրաբար սպաննուեցան 1915ին եւ որոնք հակառակ իրենց համոզումներուն ուրացումի ենթարկուեցան, ինչպէս Գրիգոր Զօհրապը»։

Յուշատախտակը կը կրէ «Եղբայրակցական մեծարանք՝ Գրիգոր Զօհրապին -փաստաբան, երեսփոխան, գրող եւ պատժական իրաւագիտութեան դասախօս եւ 1915ի Ցեղասպանութեան սպաննուած բոլոր հայ փաստաբաններուն», արձանագրութիւնը։ Գրիգոր Զօհրապ նաեւ գլխաւոր տիպարն էր՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժողովուրդներու եղբայրութեան, անոնց համակեցութեան պաշտպանութեան։ Անոր սպանութիւնը կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ժողովուրդներու համակեցութեան, խաղաղ գոյակցութեան վեհ գաղափարի սպանդը։