Դադիվանքն Ու Ղազանչեցոց Եկեղեցին` Փութինի Անձնական Պաշտպանութեան Տակ


«Նորոգման աշխատանքներ»ու քողին տակ ազերիները կ՛աղաւաղեն Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին

Շուշիի ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ ազերիները բանենորոգում անուան տակ կը ձեւափոխեն եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքը՝ ոչնչացնելո

«Փանորամա»,- Yerevan Today-ի մոսկովեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ երէկ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Ղազանչեցոցի եւ Դադիվանքի մասով զրոյց ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Զրոյցի ժամանակ Ռուսիոյ նախագահը Ալիեւին ըսած է, որ Դադիվանքն ու Ս․ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին իր անձնական պաշտպանութեան տակ պիտի ըլլան:

Քրեմլինի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Փութին Ազրպէյճանի նախագահին հետ հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է եռակողմ յայտարարութեամբ Ազրպէյճանին յանձնուած տարածքներուն մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներն ու տաճարները:

Այդ առումով ան ընդգծած է այդ սրբավայրերու անվտանգութեան եւ բնականոն եկեղեցական կեանքի ապահովման կարեւորութիւնը: Ազրպէյճանի նախագահը այս առումով ըմբռնում ցուցաբերած է եւ ըսած, որ ազրպէյճանական կողմը պիտի գործէ այդպէս: