Դամբանական՝ Պարոն Անդրանիկ Չիլինկիրեանի


Կրթական մշակ Անդրանիկ Չիլինկիրեանը՝ իր սիրելի հայրենիքին մէջ, 2014

Տարօն Սրկ. Հալլաճեան

Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարկարեան՝ Հոգեւոր Հովիւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութեան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Փոխառաջնորդ Գանատահայոց Թեմի, Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան՝ Սուրբ Եկեղեցւոյս Հովիւի Օգնական, Հգշ. Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան՝ Հովիւ Թորոնթոյի Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան՝ Հովիւ Միսիսակայի Սբ. Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Չիլինկիրեան ընտանիքի անդամներ, պաշտօնակից կրթական մշակներ, եւ յարգելի սգակիր ներկաներ,

«Մի խռովեսցեն սիրտք ձեր. այլ հաւատացէք յԱստուած եւ յիս հաւատացէք։ Ի տան Հօր իմոյ օթեւանք բազում են. ապա թէ ոչ՝ ասացեալ էր իմ ձեզ. եթէ երթամ, եւ պատրաստեմ ձեզ տեղի։ Եւ եթէ երթամ եւ պատրաստեմ ձեզ տեղի, դարձեալ գամ եւ առնում զձեզ առ իս. զի ուր եսն իցեմ, եւ դուք անդ իցէք»։

Հաւատարիմ մնալով իր պատուէր կտակին, գրաբար լեզուով մէջբերեցի Աւետարանէն այն հատուածը, որ կ՚ըսէ․ «Ձեր սիրտը թող չվրդովի. հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի: Շատ բնակարաններ կան իմ Հօրս տան մէջ. եթէ այդպէս չըլլար, միթէ պիտի ըսէի՞ ձեզի, թէ կ՚երթամ՝ որ տեղ պատրաստեմ ձեզի:

Երբ երթամ եւ տեղ պատրաստեմ ձեզի, դարձեալ պիտի գամ ու քովս ընդունիմ ձեզ, որպէսզի ո՛ւր ես եմ՝ դո՛ւք ալ հոն ըլլաք»։

Պարոն Անդրանիկ Չիլինկիրեան կը մարմնաւորէր հայ ուսուցիչի մը վեհ կոչումը, ու բծախնդրութեամբ եւ յամենայն սիրով ի սպաս դրաւ Աստուծմէ տրուած իրեն շնորհքը` լուսաւորելու մատղաշ հայ պատանիներու միտքերը՝ օժտելով զանոնք ազգային եւ հոգեւոր գանձերով ու արժէքներով։

Պրն. Անդրանիկը կամեցաւ, որ նուաստս այսօր խօսի ի դիմաց իր բոլոր աշակերտներուն, որ այսօր աշխարհի չորս կողմերը կը գտնուին, ըլլան անոնք Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանի, կամ գաղութիս՝ Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի շրջանաւարտներ։ Պրն․ Անդրանիկին ապագայի լաւատեսութիւնը մեծապէս հիմնուած էր հայեցի առողջ դաստիարակութեամբ պատրաստուած երիտասարդութեան դերակատարութեան վրայ։ Անոր համար ոչինչ խնայեց, ո՛չ իր ժամանակէն, ո՛չ առողջութենէն, եւ ո՛չ հանգիստէն, որեւէ մէկ հայ ուսանողի, առանց խտրութեան, փոխանցելու իր հոգիի, մտքի եւ սրտի պաշարէն։          

Այս սեղմ տողերուս մէջ կարելի պիտի չըլլայ ամփոփել այն բոլոր գործունէութիւնները, զորս ան ճոխացուց եւ հարստացուց իր համեստ եւ իմաստալից ներդրումով եւ մասնակցութեամբ։ Սակայն, որպէս իր աշակերտը, պիտի փորձեմ վերյիշել մի քանի յիշատակներ այն անմոռանալի պահերէն, որոնք ունեցած եմ իմ շատ սիրելի դաստիարակին հետ։

Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ, ինչպէս ձեզմէ շատերը, Պրն․ Անդրանիկի ութերորդ դասարանի աշակերտը ըլլալու։ Հոն էր, որ առաջին անգամ առիթը ունեցայ հայեցի դաստիարակութեան այս նուիրեալ առաքեալէն՝ ըմբոշխնելու մեր գիրն ու գրականութիւնը եւ մեր հաւատքն ու պատմութիւնը։

Ան, հաւատալով ապագայի առողջ սերունդին, երբեք խտրութիւն չէր դներ իր աշակերտներուն միջեւ։ Հաւասարապէս իր հարուստ պաշարով կը սնուցանէր իր բոլոր աշակերտները ու կը ջանար հայրենասիրութեան ջահը բոցավառել իւրաքանչիւր հայորդիին սրտին մէջ։ Իր եռանդը հայկականին նկատմամբ՝ վառ ապրումներով մեզի կը փոխանցէր։ Վարակիչ ոգեւորութեամբ կը սիրեցնէր հայ երգն ու բանաստեղծութիւնը, լեռն ու ձորը, շարականն ու աղօթքը։ Հայրական իր սէրն ու գուրգուրանքը կը տածէր բոլորիս անխտիր, ու միշտ երջանկօրէն կ՚ընդունէր իր նախկին աշակերտները իր յարկաբաժինէն ներս։ Սիրուած էր իր բոլոր աշակերտներուն կողմէ, որովհետեւ ինք անկեղծօրէն կը սիրէր իր աշակերտները հարազատ ձեւով։ Հակառակ իր երիտասարդ տարիքի փափաքին, վեղարաւոր վարդապետ չեղաւ, բայց չդադրեցաւ անվեղար վարդապետ ըլլալէ։ Ան բնաւ չհրաժարեցաւ իր կոչումէն, այլ իր կոչումով հաւատարմօրէն ծառայեց ազգիս սիրեցեալ զաւակներուն։

Շաբաթօրեայ վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէս տարիներ յետոյ, կը յիշեմ «Լուսաբաց» թերթին մէջ ծանուցում մը կարդացի. Պարոն Անդրանիկը սեփական հայերէնի դասընթացքներ կը նախաձեռնէր։ Անմիջապէս մղում մը զգացի մէջս ու հեռաձայնեցի անոր՝ փափաքս յայտնելով հանդիպելու իրեն հետ, որպէսզի հայերէնի իմացութիւնս բարելաւեմ։ Ահա այսպէս, համալսարանի տարիներուս ընթացքին, ամէն շաբաթ ժամերով կը հանդիպէի իր քովը։ Իր բնակարանը ինծի համար դարձաւ դպրեվանք մը, մարդակերտման դարբնոց մը, ուր իր մէջէն ժայթքող հայկականութիւնը կը ցայտեցնէր իմ վրաս, փոխանցելով ինծի անփոխարինելի գանձեր, որոնք հարստացուցին ու գեղեցկօրէն համակեցին ողջ էութիւնս ու ներաշխարհս։

Կը յիշեմ, երբ մեր առաջին հանդիպումը աւարտեցաւ ու ես կ՚ուղղուէի դէպի ինքնաշարժս, յուզումէս չկրցայ զսպել լացս, որովհետեւ այդ պահուն էր, որ անդրադարձայ, թէ ինչքա՜ն արժէքաւոր գաղափարներով դեռ այն ատեն նոր սկսած էր կիսուելու իմ հետս։ Այդ գողտրիկ միջավայրին մէջն էր, ուր սկիզբը դժուարութեամբ սկսայ կարդալ հայ վէպը, յաճախակիօրէն կատարելով ընթերցանութեան սխալներ, որոնք, առանց էջին իսկ նայելով, Պարոն Անդրանիկը կը սրբագրէր։ Իրեն հետն էր, որ Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Թէքէեան, Ռուբէն Սեւակ, Գէորգ Էմին ու շատ այլ հայ հանճարներ դադրեցան սոսկ անուններ ըլլալէ ինծի համար. եղան կեանքի կոչուող միտքեր ու հարուստ ապրումներ մեր այնքան բեղմնաւոր ազգային գանձանակէն։

Բայց եւ այնպէս ուսուցիչը մոմ մըն է. կը լուսաւորէ, սակայն կը հալի։ Ուստի, այնքան ատեն որ պատրաստ էի սորվելու, այնքան ալ ան յօժարակամութեամբ պատրաստ էր տալու։ Մինչեւ իսկ իր հիւանդութեան ամենէն դժուար օրերուն, դեռ զիս ուրախութեամբ կ՚ընդունէր իր տունէն ներս ու ժամերով միասին կը զրուցէինք ազգային, եկեղեցական եւ գրական նիւթերու մասին։ Ան միշտ հպարտ էր իր աշակերտներով, որոնք եղան իր որդեգիր զաւակները։

Առաւել եւս, Աստուածաշունչը, իր գրաբար ոսկեղինիկ լեզուով, որուն հանդէպ մեծ սէր՝ պաշտամունքի հասնող սէր ունէր, եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին միշտ իր կեանքին բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին իւրայատուկ եւ հարազատ կարեւորութիւն ունեցած են։ Ամեն Կիրակի ներկայ կ՚ըլլար Ս․ եւ Անմահ Պատարագին, ու իր սեղանէն անպակաս էին Աստուածաշունչն ու «Նարեկ»ը։ Ան հաւատարիմ ծառայ մըն էր, որ միշտ իր սրտի խորերուն մէջ անմար պահեց Լուսաւորչի կանթեղը եւ առաջնորդեց իր աշակերտները դէպի եկեղեցին, դէպի թարգմանիչ վարդապետներուն գիրը, ու դէպի հայկական վսե՛մ արժէքները։ Ուստի մեր պարտականութիւնն է, ու Պարոն Անդրանիկին կոչը մեզի այսօր, շարունակելու մեր երթը, բարձր պահելով մեր լեզուն ու ազգային արժէքները, զանոնք փոխանցելով գալիք սերունդներուն, երաշխաւորելու համար մեր ժողովուրդին պայծառ ապագան։

Սիրելի Ուսուցիչս, այժմ կ՚ուղեւորուիս դէպի մեր երկնաւոր Հայրը։ Կ՚աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի ազնիւ հոգիդ հանգիստ եւ խաղաղ ննջէ, եւ մեզի, երկրաւորներուս, Ս․ Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը շնորհէ։ Շնորհակալ եմ ձեր անսակարկ նուիրումին համար հայ դպրութեան անդաստանէն ներս։ Կը խոնարհիմ Ձեր վաստակին առջեւ, ուխտելով փոխանցած ջահդ միշտ անմար պահելու։ Թէպէտ նոյն որակով ու մակարդակին պիտի չկարենամ հասցնել, սակայն վստահ եղիր, որ նուաստս միշտ պիտի անխոնջ կերպով աշխատի յանուն հայ ազգի գերագոյն արժէքներուն բաշխման եւ պայծառացման։

Արդարեւ, պիտի ուզեմ խօսքս փակել Պն. Անդրանիկին ամենէն սիրած բանաստեղծութիւններէն մէկը յիշելով ՝գրուած Վահան Թէքէեանի կողմէ․

Հաշուեյարդար

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.

Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,

Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…:

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած

Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.

Ինչ որ տարաւ Սէրն ինձմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,

Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…:

Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ

Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.

Հին գինիով յորդաբուխ ես կ’արբենա՜մ տակաւին…:

Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց…»: Ի՞նչ մնաց հողին տակ

Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,

Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:

Բի՜ւր յարգանք վաստակիդ, մոմ եւ խունկ՝ անթառամ յիշատակիդ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Ամէն

Թորոնթօ, Գանատա

1 Փետ․ 2022