Դեկտեմբերին Տեղի Պիտի Ունենան Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան


Այս տարուան Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, Հոկտեմբեր 2ին, Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք պէտք է արձանագրենք, որ վերջին զարգացումներէն ետք, 2018 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Հայաստանի մէջ հաստատուած է ուղիղ ժողովրդավարական իշխանութիւն: Եթէ պարզուի, որ ես վարչապետի կարգավիճակով ժողովուրդի ներկայացուցիչը չեմ, ուրեմն ընտրութիւնները պիտի չկայանան, եթէ պարզուի, որ ես վարչապետի կարգավիճակով ժողովուրդի ներկայացուցիչն եմ, ուրեմն ընտրութիւնները պիտի կայանան», շեշտած է վարչապետը:

Անդրադառնալով խորհրդարանական քանի մը ուժի կողմէ Ազգայի Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի փոփոխութեան ուղղուած քայլերուն, վարչապետը նշած է, որ ատոնք միտումնաւոր կ՝ըլլան:

«Հիմա, եթէ հարց է` հակայեղափոխութիւն կայ, թէ չկայ, կրնանք պաշտօնապէս արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ կայ հակայեղափոխութիւն, եւ Հայաստանի մէջ հակայեղափոխական են այն ուժերը, որոնք պաշտպանած են եւ կը փորձեն պաշտպանել այդ նախագիծը. Ինծի կը հաւաստիացնեն, որ ատիկա 3 քաղաքական ուժերու կողմէ ներկայացուած նախագիծ է: Այն պատգամաւորը, որ կ’աջակցի այդ նախագիծին, ինքը կ՝ուզէ, որ փտածութեան նախագիծը հասնի վրէժխնդրութեան՝ կառավարութեան նկատմամբ, բնականաբար մենք ատիկա թոյլ չենք տար», նշած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ հանդիպած է նաեւ Ազգայի Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ ու անոր ներկայացուցած է ընտրութիւններու իրականացման շուրջ իր դիրքորոշումը: